Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ տօնական օրերէն ետք, գիտակցելով որոշ թիւով ընտանիքներու կենցաղային դժուարութեանց, Երեսփոխանական գրասենեակը յաջողեցաւ դժուարութեան մէջ եղող 346 ընտանիքներու բաշխել հիմնական կարեւորութիւն ունեցող ուտեստեղէնի ծրարներ` գէթ մասամբ օգնելու անոնց, երկրին դիմագրաւած տնտեսական դժուարութեան այս օրերուն:
Երեսփոխանական գրասենեակը նաեւ հայկական երեք բարեսիրական հաստատութիւններու ուտեստեղէնի օժանդակութիւն տրամադրեց:
Հերթական դրութեամբ այս եւ նման այլ օժանդակութիւնները կը շարունակուին կատարուիլ Երեսփոխանական պլոքի, բարեկամներու եւ ընկերներու աջակցութեամբ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ