Գաղութային

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.«Այսօր Մենք Քաջութիւնը Պէտք Է Ունենանք՝ Հաւաքական Կեցուածքով Ու Յանձնառութեամբ Ըսելու «Այս Հաւատքէն Մեզ Ոչ Ոք Կրնայ Խախտել» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.«Այսօր Մենք Քաջութիւնը Պէտք Է Ունենանք՝ Հաւաքական Կեցուածքով Ու Յանձնառութեամբ Ըսելու «Այս Հաւատքէն Մեզ Ոչ Ոք Կրնայ Խախտել» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնին նշումը, որուն նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, իսկ արարողութեան աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը: Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ ընդգծեց հայ ժողովուրդին հաւաքական ինքնութեան անքակտելի ազդակներէն քրիստոնէութիւնը...

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ.  Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան  Մասնակցութեամբ Ձեռնարկ`  Նուիրուած Վարդանանց Ճակատամարտին

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Մասնակցութեամբ Ձեռնարկ` Նուիրուած Վարդանանց Ճակատամարտին

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Ազգային վարժարաններու աշակերտութեան երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց ճակատամարտին նուիրուած ձեռնարկ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտ Լէոնարտօ Խայեաթ: Ան պատմական ակնարկ մը նետեց 451 թուականի ժամանակաշրջանին, երբ հայ նախարարները, ղեկավարութեամբ Վարդան...

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն.  Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց` Պուրճ Համուտի Մէջ

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց` Պուրճ Համուտի Մէջ

Չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց` պատգամախօսութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ մասնակցութեամբ «Թէքէեան»  մշակութային միութեան «Երիտասարդական» նուագախումբին` «Տը եութ պենտ»-ին` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի: Այս առիթով ներկայ...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 146.  «Թումանեանը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ»  Նիւթով Ներկայացում

Մամլոյ Լսարան Թիւ 146. «Թումանեանը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ» Նիւթով Ներկայացում

Երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 146-րդ մամլոյ լսարանը, որ նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, եւ որուն ընթացքին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Թումանեանը` հայ կերպարուեստին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ օրեր առաջ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին մեծ շուքով նշուեցաւ Թումանեանի ծննդեան...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Դեսպան Շամսի Ընդունեց  ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպան Շամսի Ընդունեց ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը

Պէյրութի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպան Համատ Սայիտ Շամսի Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան հետ առնչուող խնդիրներ: Դեսպան Շամսի բարձրօրէն գնահատեց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը երկրի քաղաքական կեանքին մէջ`...

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Հանդիսաւոր Նշում` Հայ Եկեղեցւոյ Քահանայից Տօնին

Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուար 2019-ին տօնն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն, նաեւ հայ եկեղեցւոյ քահանաներուն: Առ այդ, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հայր սուրբը հաստատեց, որ աշխարհի տառապանքները եւ մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները ոչ մէկ...

Համազգայինի 90-ամեակի Ձեռնարկներ.  Զարուհի Պապայեան Եւ Սոնա Ռուբէնեան Հայ Երգարուեստի Գոհարներէն Երգելով Հայաբոյր  Երեկոյ Մը Պարգեւեցին Լիբանանահայութեան

Համազգայինի 90-ամեակի Ձեռնարկներ. Զարուհի Պապայեան Եւ Սոնա Ռուբէնեան Հայ Երգարուեստի Գոհարներէն Երգելով Հայաբոյր Երեկոյ Մը Պարգեւեցին Լիբանանահայութեան

Կ. Ա. Հայ մշակոյթի բնագաւառին մէջ առանցքային դեր ունի հայ երգը: Դարեր շարունակ ան ազնուացուցած է, ոգեշնչած ու լիցքաւորած տարբեր սերունդներու պատկանող հայորդիներուն հոգիները: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու եւ հայապահպանման նուիրական առաքելութեան մէջ հայ երաժշտութեան վերապահուած է յատուկ կարեւորութիւն: Մենք շատ բան կը պարտինք այն երախտարժան երաժշտահաններուն, յօրինողներուն, աշուղներուն, երգչախումբերուն եւ հայ երգը հարազատ մեկնաբանողներուն,...

Ղեւոնդեանց Քահանաներ

Ղեւոնդեանց քահանաները խումբ մը հոգեւորականներ էին, որոնք  կաթողիկոսէ, եպիսկոպոսներէ, երէցներէ եւ սարկաւագներէ կը բաղկանային: Այս խումբը իր անուանումը ստացած էր իրենց հոգեւոր պարագլուխէն` Ղեւոնդ Երէցէն, որ ո՛չ միայն Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի օգնականը եղած էր, այլ նաեւ խորհրդատուն էր Վարդան Մամիկոնեանի եւ Յովսէփ կաթողիկոսին: Ղեւոնդ Երէց ինքն էր, որ հայ նախարարները եւ քահանաները խանդավառած էր քաջութեամբ պայքարելու թշնամիներուն դէմ:...

Համազգայինի 90-ամեակի Նախաձեռնութիւններու  Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

Համազգայինի 90-ամեակի Նախաձեռնութիւններու Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

«90-ամեայ Համազգայինը Ունի Իր Յիշարժան Հերոսական Անցեալը, Ներկայի Արդիականացման Գործընթացը Եւ Տեւաբար Կը Մտածէ Ապագայի Իր Հաւանական Ընելիքներուն Մասին» Հաստատեց Մկրտիչ Մկրտիչեան Համազգայինի 90-ամեակ... Առիթ` վերյիշելու պատմութիւնը, յարգանք եւ շնորհակալութիւն յայտնելու կրթական ու մշակութային մեծ առաքելութիւն ծաւալած այս միութեան հիմնադիրներուն նկատմամբ, երախտագիտական զգացումներ արտայայտելու հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անձնական կեանքին մէկ կարեւոր բաժինը անանձնականացուցին` Համազգայինի յարատեւման, անոր գործունէութեան ծիրի...

Հանդիսաւոր Նշում`  «Հայ Սկաուտի Օր»-ուան

Հանդիսաւոր Նշում` «Հայ Սկաուտի Օր»-ուան

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Շրջանային խմբապետութեան, երէկ` կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ սկաուտի օր»-ը: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Վարդուկ Ֆրնըզլեան: Ան նկատել տուաւ, որ հայ սկաուտի կեանքին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Հայրապետներու  Եւ Լուսահոգի Միաբաններու Հոգեհանգիստ`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Լուսահոգի Միաբաններու Հոգեհանգիստ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

«Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց. ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց»: Մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի յիշեալ բառերը մեզ մտածել կու տան մեր գոյութեան պատճառին մասին: Կան մարդիկ, որոնք այս կեանքը կ՛ապրին ու կ՛ըմբռնեն իբրեւ նպատակ, իսկ ուրիշներ` իբրեւ միջոց հասնելու համար իրենց անձերէն վեր հաւաքական ու սրբազան նպատակներու: Այս վերջին խումբին պատկանեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ...

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 24 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւններ: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Թաղական խորհուրդներու ընտրական յանձնախումբերը ճշդուած կարգով հսկեցին ընտրութիւններուն: Յառաջիկային Ազգային առաջնորդարանը յատուկ հաղորդագրութեամբ կը ներկայացնէ ընտրութեանց ընթացքը եւ արդիւնքները:  

Վիգէն Աւագեան Նշանակուեցաւ  «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն

Վիգէն Աւագեան Նշանակուեցաւ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Վիգէն Աւագեանը նշանակեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն: Վիգէն Աւագեան աւարտած է Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի պատմագիտութեան բաժանմունքը, եղած է Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն, դասաւանդած է հայերէնագիտական նիւթեր, հեղինակած է ու խմբագրած ուսումնասիրական բնոյթի հատորներ: Վերջին շրջանին ան կը վարէր «Վանայ Ձայն»-ի յայտագիրներու ընդհանուր պատասխանատուութեան պաշտօնը:  

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 31-ամեակի Տօնակատարութիւն.  Բենիամին Պչաքճեան. «Մենք Պէտք Է Կարենանք  Զարգանալ` Առանց Մեր Իրաւունքներէն  Թիզ Մը Անգամ Զիջելու»

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 31-ամեակի Տօնակատարութիւն. Բենիամին Պչաքճեան. «Մենք Պէտք Է Կարենանք Զարգանալ` Առանց Մեր Իրաւունքներէն Թիզ Մը Անգամ Զիջելու»

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 22 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Է. Ակնունի» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարի 31-ամեակի տօնակատարութիւն: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գօգօ Էքմեքճեան: Ան ըսաւ, որ 31 տարի առաջ հայ երիտասարդը, ուսանողը, բժիշկը, արուեստագէտը, մշակն ու զինուորը փաստեցին համայն աշխարհին, որ հայ ազգը թոյլ ազգ մը...

Իւրայատուկ Մենաներկայացում`  Կատարողութեամբ  Հայրենի Վաստակաւոր  Դերասանուհի Տաթեւիկ Ղազարեանի

Իւրայատուկ Մենաներկայացում` Կատարողութեամբ Հայրենի Վաստակաւոր Դերասանուհի Տաթեւիկ Ղազարեանի

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Հայ մշակոյթի ջահակիր եւ սերունդներու ներշնչարան Համազգայինը արդէն թեւակոխած է 90 տարին: Անոր վաստակը արգասիքն է տարիներու նուիրական առաքելութեան, որուն հաւատացած են միութեան հիմնադիրները, իրերայաջորդ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններն  ու հաւատաւոր համազգայնականները: Այս առումով 90-ամեակի ձեռնարկները անգամ մը եւս կը շեշտեն հայապահպանման եւ մշակութային արժէքներու տարածման ջատագով Համազգայինի առանցքային դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ուրբաթ, 22 փետրուար 2019-ի...

Ասմունքի Երեկոյ` Արման Նաւասարդեանի  Եւ Տաթեւիկ Ղազարեանի Կատարողութեամբ

Ասմունքի Երեկոյ` Արման Նաւասարդեանի Եւ Տաթեւիկ Ղազարեանի Կատարողութեամբ

Ն. Բ. Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած եւ Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները ընթացք առին երէկ` հինգշաբթի, 21 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հուրի Զաքարեան: Բեմայարդարումը շատ պարզ էր ու հանդարտութիւն ներշնչող` զոյգ աթոռ ու սեղան մը: Բեմը շունչ ու ոգի կը ստանար Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան թատրոնի հայրենի տաղանդաւոր...

ՀՅԴ Մամլոյ Եւ Տեղեկատուական Այլ Միջոցներու Ու Հանրային Կապերու Պատասխանատուներու Խորհրդաժողովի Հաղորդագրութիւնը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէութեան 71-րդ Շրջանային ժողովի

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէութեան 71-րդ Շրջանային ժողովը, գումարուած` 15-19 փետրուար 2019-ին, հանգամանօրէն քննարկեց Կեդրոնական կոմիտէի երկամեայ գործունէութեան բոլոր մարզերը: Կազմակերպական, քաղաքական, տեղեկատուական, ուսանողական, երիտասարդական, պատանեկան, գաղութային կեանքի, ուղեկից միութիւններու յատկացուած օրակարգերը քննարկելով, Շրջանային ժողովը արձանագրեց` Ա.- Յարափոփոխ աշխարհի յատուկ այսօրուան մթնոլորտն ու համակարգը բարենպաստ պայմաններ չեն ստեղծեր աւանդական հասկացողութեամբ եւ հաւաքական կեանքով յատկանշուած ազգային արժէքային համակարգ դաւանող կուսակցութիւններուն համար: Հակառակ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հասաւ  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հասաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաւէրով, 19 փետրուարին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինէն: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ` Ս. Տրդատի կամարին առջեւ, եղբայրական ողջագուրումէն ետք Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը մայր տաճարի զանգերու ղօղանջներու ներքեւ մայր աթոռի միաբաններու թափօրով առաջնորդուեցան Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Ս....

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Դեսպանը

Երկուշաբթի, 18 փետրուար 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպան Համատ Սայիտ Շամսին: Հանդիպումին ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու Լիբանանի այժմու կացութեան մասին, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ հոն հաստատուած հայ համայնքին մասին: Դեսպանը դրուատիքով խօսեցաւ...

Մահացած Է Բարերար  Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը

Մահացած Է Բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ երէկ` 19 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու մէջ մահացած է բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնը, որ ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահ, բարերար Ալեք Մանուկեանի դուստրն է: Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն ծնած է 19 մայիս 1933-ին, Տիթրոյիթի մէջ: Ան ամուսնացած է Արման Սիմոնին հետ եւ ապրած Մենհեթընի մէջ: 1989 թուականին դարձած է ՀԲԸՄ-ի նախագահ` իր հօրը նախագահութենէն ետք: 1962-ին անոր ծնողները հիմնադրած են «Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն»...

Page 202 of 365 1 … 201 202 203 … 365

Արխիւներ