Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնակատարութիւն Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.«Այսօր Մենք Քաջութիւնը Պէտք Է Ունենանք՝ Հաւաքական Կեցուածքով Ու Յանձնառութեամբ Ըսելու «Այս Հաւատքէն Մեզ Ոչ Ոք Կրնայ Խախտել» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

March 1, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հինգշաբթի, 28 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնին նշումը, որուն նուիրուած սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, իսկ արարողութեան աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին իր հայրապետական պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը:

Պատարագիչ սրբազանը իր քարոզին մէջ ընդգծեց հայ ժողովուրդին հաւաքական ինքնութեան անքակտելի ազդակներէն քրիստոնէութիւնը եւ անոր թրծած ամուր հաւատքը, որուն համար հայ ժողովուրդը մղեց սրբազան պատերազմ եւ պատմութեան մէջ դրոշմեց իր կնիքը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վարդանանց պատգամով հայ ժողովուրդը հաստատեց, որ քրիստոնէութիւնը իր մէջ չլուծեց ազգայինը, այլ զինք դրաւ հայ մարդ ըլլալու ճշմարիտ ճանապարհին վրայ:

Պատարագէն ետք, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր ներկայ բազմութեան մասնակցութեամբ հնչեցին Վարդանանց երգեր ու շարականներ:

Հուսկ, վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Ան նշեց, որ դէպքերն ու անձերը կը կորսուին պատմութեան փոշիին մէջ, եթէ պատգամ ու հաւատք չունին փոխանցելիք գալիք սերունդներուն: 451 թուականին մղուած Աւարայրի ճակատամարտը վճռադրոշմ դէպք մըն էր, որուն պատգամը կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Աւարայրով քրիստոնէութիւնն ու հայութիւնը ամբողջութեամբ նոյնացան` դառնալով անբաժան ու անբաժանելի: Եթէ Գրիգոր Լուսաւորիչով քրիստոնէութիւնը կենդանի ներկայութիւն դարձաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ Թարգմանչաց սերունդով քրիստոնէութիւնը հայացաւ, ապա թշնամիին թիրախը դարձաւ հարուածել հայուն հաւատքը, որպէսզի քանդէ անոր ինքնութիւնը: Այս վտանգին ընդառաջ, Վարդաններ եւ Ղեւոնդներ միանալով օրուան թշնամիին դէմ, իրենց պատերազմը մղեցին, քանի որ «սովորական իմաստով հաւատք չէր իրենց հաւատքի հասկացողութիւնը, այլ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու կողքին հոն առկայ էին նաեւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը, ժողովուրդի մշակութային ու ազգային արժէքները, ձգտումներն ու երազները», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:

Ապա վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ հայոց ամբողջ պատմութեան ընթացքին անբաժանելի դարձած եկեղեցի-ժողովուրդ-հայրենիք երրորդութեան մասին: Ան շեշտեց, որ եկեղեցին երբեք ինքնակեդրոն հաստատութիւն չդարձաւ, այլ դարձաւ առաքելութիւն ու ծառայութիւն: «Եկեղեցին ինքզինք ըմբռնեց եւ իրագործեց մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ իբրեւ քրիստոսառաք առաքելութիւն եւ ժողովուրդին կամքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով պայծառակերպող: Եկեղեցւոյ դերը եղաւ եւ է մեր ժողովուրդը դարձնել կենդանի եկեղեցի եւ պատմութեան ընթացքին մնաց մեր հայրենիքի կողքին, որովհետեւ հաւատաց, որ հողէն ու ջուրէն անդին, հայրենիքը ժողովուրդն է` սիրոյ, հաւատքի, յոյսի ու երազի սերտ օղակներով իրարու հետ ընդելուզուած», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ աւելցուց ընդգծելով, որ «մեր պատմութեան Ղեւոնդները եղան Վարդաններուն կողքին. այն Վարդաններուն, որոնք պատրաստ եղան իրենց արիւնը թափելու մեր եկեղեցւոյ, ազգին եւ հայրենիքին գերագոյն շահերուն համար»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով, որ պէտք չէ մնանք պատմութեան դէպքերը կամ դէմքերը յիշատակելու սահմաններուն մէջ. «Այսօր, մենք քաջութիւնը պիտի ունենանք Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, թէ ի սփիւռս աշխարհի, հաւաքական կեցուածքով ու յանձնառութեամբ ըսելու. «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել», եւ այս ո՛չ թէ խօսքով, այլ` մեր գործով ու մեր կեցուածքով: Ա՛յս է պատգամը Վարդանանց սերունդին»:

Վարդանանց նուիրուած տօնակատարութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» քայլերգով:

 

Նախորդը

Անելք Թունել

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.