Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասմունքի Երեկոյ` Արման Նաւասարդեանի Եւ Տաթեւիկ Ղազարեանի Կատարողութեամբ

February 22, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. Բ.

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած եւ Համազգայինի 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները ընթացք առին երէկ` հինգշաբթի, 21 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հուրի Զաքարեան:

Բեմայարդարումը շատ պարզ էր ու հանդարտութիւն ներշնչող` զոյգ աթոռ ու սեղան մը: Բեմը շունչ ու ոգի կը ստանար Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան թատրոնի հայրենի տաղանդաւոր արուեստագէտներ Արման Նաւասարդեանի եւ Տաթեւիկ Ղազարեանի գեղեցիկ, հաղորդական, մերթ յուզիչ, մերթ խանդավառող, մերթ սիրոյ մեղեդիներով օրօրող ասմունքներով: Անոնց հոգիներուն խորերէն եւ ասմունքելու ուրոյն ոճով թատերասրահին մէջ կը թեւածէին Յովհաննէս Թումանեանի, Համօ Սահեանի, Պետրոս Դուրեանի, Մուշեղ Իշխանի, Պարոյր Սեւակի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մատթէոս Զարիֆեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ Վահագն Դաւթեանի ստեղծագործութիւնները:

Բեմը ամբողջութեամբ լեցուցած արուեստագէտները ներկաները փոխադրեցին հայրենի տուն, պանդուխտի ցուպի ծանրութիւնը զգացուցին անոնց, յուզեցին` խօսելով հողին հետ զրուցող պապիկին եւ երկինքը իր որդիներուն հաց փնտռելու գացած մամիկին լեզուով, աշխարհի ցաւով արիւնած սրտերուն վրայ լուսարձակ բացին, կարելի ու անկարելի սէր երգեցին, տառապանքի, յուզումի, զրկանքի, հայրենազուրկի, Ցեղասպանութիւն տեսած, ահաւոր ջարդ ապրած, սակայն վերապրածներու եւ հայրենիքին տէր ու պաշտպան կանգնելու վճռակամ հայորդիներու գունաւոր, սեւ ու սպիտակ, տխուր ու ուրախ պատկերներ պարզեցին բոլորին դիմաց: Անոնք մէկ ժամուան ընթացքին տարբեր զգացումներով ու մտածումներով ալեկոծեցին արուեստասէրներուն մտքերն ու հոգիները, զանոնք փոխադրեցին զանազան աշխարհներ, ուր կան լաւն ու վատը, գեղեցիկն ու այլանդակը: Ի վերջոյ, անոնք թարգմանը հանդիսացան արեւելահայ ու արեւմտահայ այնպիսի բանաստեղծներու, որոնք հայ գրականութեան մէջ իրենց դրոշմը դրած են ու, հակառակ ժամանակի թաւալքին, անոնց ստեղծագործութիւնները կը մնան այժմէական, գեղեցիկ, սրտեր թափանցող ու յուզականութիւն պատճառող:

Աւարտին ներկաներուն յոտնկայս երկար ծափահարութիւնը արդէն բաւական խօսուն էր ու ասմունքի երեկոն լաւագոյնս արժեւորող:

 

Ն. Բ.

Նախորդը

Համազգայինի 90-ամեակին Առիթով` «Բագին»-ին Առջեւ Կրկին

Յաջորդը

Չինաստան Ցուցադրած Է Իր Հզօրագոյն Հրթիռները

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.