Երկուշաբթի, 18 փետրուար 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպան Համատ Սայիտ Շամսին: Հանդիպումին ներկայ էր Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խօսելու Լիբանանի այժմու կացութեան մասին, յատկապէս նոր կառավարութեան կազմութենէն ետք, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ հոն հաստատուած հայ համայնքին մասին: Դեսպանը դրուատիքով խօսեցաւ հայ համայնքին մասին` ընդգծելով անոր բերած կարեւոր մասնակցութիւնը երկրին յառաջդիմութեան, մասնաւորաբար տնտեսական մարզին մէջ:
Դեսպանը ճաշի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին: Ճաշէն ետք ան շրջեցաւ մայրավանքի շրջափակը, այցելեց Նահատակաց յուշարձան եւ մայր տաճար: Դեսպանը, ընկերակցութեամբ սրբազան հօր, նաեւ ուղղուեցաւ «Թռչնոց բոյն»: Ան նուէրներ բաշխեց «Թռչնոց բոյն»-ի որբերուն եւ գնահատեց այդտեղ կատարուած աշխատանքը, ապա այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: