Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց` Պուրճ Համուտի Մէջ

February 28, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց` պատգամախօսութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ մասնակցութեամբ «Թէքէեան»  մշակութային միութեան «Երիտասարդական» նուագախումբին` «Տը եութ պենտ»-ին` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի:

Այս առիթով ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ յղութեան հայ քոյրերը, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գործող նշանաւոր դէմքեր, դիւանագէտներ եւ անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք Լորի Եթերեան բացման խօսքը կատարեց եւ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա սկիզբ առաւ երեկոյին առաջին մասը, ուր «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երիտասարդական» նուագախումբ` «Տը եութ պենտ»-ը ներկայացուց հինգ երգեր` մասնակցութեամբ Լեթիսիա Հէքիմեանի ինչպէս նաեւ Ալիս Իփրաճեանի:

Տօնահանդէսի երկրորդ բաժինին ընթացքին, հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեանը` ուր ներկաներուն հրամցուց «Վարդանանց յիշատակին» ասմունքը:

Բեմ բարձրացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին իր պատգամը ամփոփեց հետեւեալ չորս հարցումներուն մէջ. ի՞նչ է քրիստոնէութիւնը, ի՞նչ է ազատութիւնը, ի՞նչ է հողը եւ ի՞նչ է յոյսը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն չմոռնալու հայոց պատմութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ մեր ինքնութիւնն է:

Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երրորդ բաժինը, որուն ընթացքին կրկին բեմ բարձրացաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երիտասարդական» նուագախումբը` «Տը եութ պենտ»-ը` մասնակցութեամբ Ալիս Իփրաճեանի: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին ժողովրդական ինչպէս նաեւ ժողովրդային ճոխ երգաշար մը:

Թատերասրահին մթնոլորտը բաւական ջերմանալէ ու ներկաներուն «հայկական ջիղը» վերանորոգուելէ ետք, բեմ բարձրացաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը` փոխանցելու համար իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս այս յայտագիրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը:

Գերապայծառ տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով, որ միշտ յանձնառու ըլլան Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին:

Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, գերապայծառ տէրը իր պահպանիչով օրհնեց ներկաները, ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք բեմ բարձրացան վերապատուելին  եւ կղերական դասը, որպէսզի այս յիշատակելի երեկոն փակեն պատմական լուսանկարով մը:

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 146. «Թումանեանը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ» Նիւթով Ներկայացում

Յաջորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. Ազգային Վարժարաններու Աշակերտութեան Մասնակցութեամբ Ձեռնարկ` Նուիրուած Վարդանանց Ճակատամարտին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.