ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հայ մշակոյթի ջահակիր եւ սերունդներու ներշնչարան Համազգայինը արդէն թեւակոխած է 90 տարին: Անոր վաստակը արգասիքն է տարիներու նուիրական առաքելութեան, որուն հաւատացած են միութեան հիմնադիրները, իրերայաջորդ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւններն ու հաւատաւոր համազգայնականները: Այս առումով 90-ամեակի ձեռնարկները անգամ մը եւս կը շեշտեն հայապահպանման եւ մշակութային արժէքներու տարածման ջատագով Համազգայինի առանցքային դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Ուրբաթ, 22 փետրուար 2019-ի երեկոյեան, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը անգամ մը եւս ժամադրավայրը հանդիսացաւ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութեան, որ եկած էր ունկնդրելու Ֆրանքա Ռամէի եւ Տարիօ Ֆոյի «Սովորական օր» իւրայատուկ մենաներկայացումը` կատարողութեամբ հայրենի վաստակաւոր դերասանուհի Տաթեւիկ Ղազարեանի:
Բեմայարդարումը իր պարզութեան մէջ կը ներկայացնէր առօրեայ տան սենեակը, ուր տեղ գտած էր բազկաթոռը, հայելին, խմիչքի անկիւնը եւ հեռատեսիլը: Մենաներկայացման նիւթը կը շօշափէր ընտանեկան կեանքին հետ աղերս ունեցող ամուսնացած զոյգի մը բաժանումէն ետք արձանագրուած տեսագրութիւնը, որուն մէջ այս պարագային կնոջ` Ժիւլիին ամբողջ հոգեվերլուծութիւնը ներկայացուեցաւ: Ինչպէս ամէն սիրող անձ, Ժիւլին եւս նախ նամակով, ապա տեսագրութեամբ արտայայտեց իր ցասումը ամուսինէն բաժանման համար, տխրութիւնը անոր բացակայութեան հանդէպ, գեղեցիկ բառեր ու արտայայտութիւններ դրսեւորելու իր անկարողութիւնը, որուն ետին պահուըտած էր իր թաքնուած սէրը, բողոքը ամուսինին անտարբերութեան դիմաց եւ վերջապէս իր որոշումը վերջ տալու իր ապրած դժոխային կեանքին: Այս տեսագրութեան արձանագրութիւնը ընդհատուեցաւ հեռաձայնային քանի մը հաղորդակցութեամբ, որոնք այս կամ այն պատճառով շեղեցին մետասաներորդ պահու առած իր որոշումը: Այս հեռաձայնները ան կը ստանար կնոջական պարբերաթերթի մը մէջ յօդուածին վերջաւորութեան ճափոնցի հոգեբանին անուան քով սխալմամբ նշուած Ժիւլիին հեռախօսահամարով: Ժիւլին յատուկ հիւմըրով պատասխանեց նախ յղի կնոջ, ապա մարմնավաճառի եւ վերջապէս հոգեկան հիւանդի (Քեթիին) հեռաձայնային հաղորդակցութեան: Ան լսեց իւրաքանչիւրին տագնապը, փորձառութիւնը: Վերջին զանգողը արթնցուց իր մէջ այն զգացումը, թէ ինք իսկական հոգեբան-բժիշկ է եւ ոչ գովազդ ներկայացնող պաշտօնեայ եւ մղեց զինք ոստիկանատուն հեռաձայնելու եւ օգնելու անձնասպանութիւն մտադրող Քեթիին, որ կը համընկնի իր (Ժիւլիին) նոյն հոգեվիճակին եւ կացութեան: Եւ ահա յոյսի զգացումը պատեց Ժիւլիին ներաշխարհը եւ անհեթեթ ու յիմարութիւն սեպեց անձնասպանութիւնը: Ան անտեսեց տխրութիւնը եւ իր ներանձնական ուրախութիւնը դրսեւորեց տան մէջ զետեղուած խմիչքի անկիւնէն վերցնելով բաժակ մը եւ ծխախոտ վառեց անուղղակի պատգամ ուղղելով հանդիսատեսին, թէ կեանքը կը շարունակուի եւ սիրային վէպի մը աւարտը չ՛արժեր ողբերգութեամբ աւարտել: Այս միջոցին ան հեռատեսիլի յայտագիր մը դիտելով փորձեց նաեւ իր հոգեվիճակէն դուրս գալ, իսկ սենեակի մէջ ան հայելիին դիմաց կեցաւ եւ մտածեց իր առնելիք որոշումին մասին, որ ձեւով մը կ՛արտացոլացնէ մարդուն աշխարհը` տեսնելու համար իրականութիւնը:
Յիրաւի այս մենաներկայացումը անգամ մը եւս յիշեցուց հանդիսատեսին, թէ կեանքի դժուարութիւնները կարելի է յաղթահարել, երբ կեանքը կը դիտենք վարդագոյն ակնոցով, եւ տարբեր կացութիւններ ու կեանքի պայմաններ կը հոգեփոխեն մեր ներաշխարհը վերջապէս իբրեւ մարդ էակ ապրելու, գոյատեւելու, եւ ի հարկին ուրիշ անձի մը ապրուած կեանքի փորձառութիւնը դրական օրինակ կը դառնայ մեզի դուրս գալու մեր փակուած զգացական, հոգեկան ու ճնշուած աշխարհէն` բացուելու համար դէպի յուսատու հորիզոններ:
Մենաներկայացման հերոս Տաթեւիկ Ղազարեանի խաղարկութիւնը իսկապէս բարձր գնահատանքի արժանի է: Ան իր բացառիկ կարողութեամբ կրցաւ հանդիսատեսը հաղորդ դարձնել տարբեր հոգեվիճակներու եւ պատգամ փոխանցել: Շնորհաւորելի է Համազգայինի 90-ամեակը եւ ի մասնաւորի այս ձեռնարկը: