Գաղութային

ՀՕՄ-ի Ձեռնարկը` ՄԱԿ-ի Մէջ

ՀՕՄ-ի Ձեռնարկը` ՄԱԿ-ի Մէջ

Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ), Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան հետ գործակցաբար, Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 63-րդ նիստին ընթացքին, 11 մարտ 2019-ին ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ ունեցաւ նիստ-քննարկում մը` արծարծելով այն նիւթը, թէ ինչպէ՛ս երկրի հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան յառաջացնել սեռային հաւասարութիւն: Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿ-ի բաժանմունքներու եւ զանազան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Միացեալ...

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան չորեքշաբթի, 13 մարտի կէսօրին, դեսպանատունէն պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներու հետ: Դեսպան Աթաբէկեան ուրախութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտ եւ անոր քաղաքապետութիւնը այցելելուն համար: Ան հաստատեց լիբանանահայութեան եւ Պուրճ Համուտի յատուկ կարեւորութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչի հանգամանքով Լիբանանի...

Թեզէի Երիտասարդական Միջազգային  Համախմբումի Մամլոյ Ասուլիս

Թեզէի Երիտասարդական Միջազգային Համախմբումի Մամլոյ Ասուլիս

Երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը, որ պիտի կայանայ 22-էն 26 մարտ 2019-ին, ունեցաւ իր ծրագիրի արձակման մամլոյ ասուլիսը: Սոյն ձեռնարկին Արեւելեան ուղղափառ ոչ Քաղկեդոնական եկեղեցիներուն անունով խօսք առաւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեան: Նշենք, որ Թեզէի երիտասարդական միջազգային հաւաքը կը կազմակերպուի Թեզէի միաբանութեան կողմէ, իսկ Լիբանանի մէջ հաւաքը կ՛իրականանայ...

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք,  Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած`  Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ»  Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Մենք Այն Կուսակցութիւնն Ենք, Որ Մեր Ժողովուրդը Կը Տեսնէ Միացած` Մէկ Ժողովուրդ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Դատ» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընդունելութիւն` ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ: Հրաւիրուած էին տարբեր յարանուանութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական, կրթական ու մշակութային մարզերու պատասխանատուներ եւ Դաշնակցութեան զանազան ծրագիրներուն աջակցող բարեկամներ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ-ի...

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան երէկ` երեքշաբթի, 12 մարտի կէսօրին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց քաղաքապետութիւնը, ծանօթացուց քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, շրջանին մէջ կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր պատկերացումը տուաւ: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ուրախութիւն յայտնեց գտնուելու քաղաքապետարանին մէջ...

Մեր Կորուստները.  Վախճանած Է Համբարձում Վրդ. Քէշիշեանը

Մեր Կորուստները. Վախճանած Է Համբարձում Վրդ. Քէշիշեանը

Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնն ու Նուրհան արք. Մանուկեանը գուժած են Սրբոց Յակոբեանց միաբաններէն Համբարձում վրդ. Քէշիշեանի անակնկալ վախճանումը, որ պատահեցաւ կիրակի, 10 մարտ 2019-ին: Լուսահոգի Համբարձում վրդ. Քէշիշեան ծնած է Պէյրութ` 1958-ին: 1972-1978 տարիներուն ուսանած է Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանին եւ ընծայարանին մէջ: 1984-ին ստացած է մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան: Իր բազմամեայ ծառայութեան ընթացքին եղած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան աւագ թարգման:

Հրայր Մարուխեանի Ծննդեան  90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

Հրայր Մարուխեանի Ծննդեան 90-ամեակ Եւ Մահուան 20-ամեակ

«Ընկեր Հրայր Փայլատակեց Հայկական Երկնակամարին Վրայ` Իբրեւ Յեղաշրջող Ու Աներեր Աստղ, Եւ Իր Կեանքը Նուիրեց Հայակերտման, Հայրենիքի Ազատագրութեան, Հայ Ժողովուրդին Ու Հայ Դատին» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ իր ներկայութեամբ, դերակատարութեամբ եւ ղեկավարի ուրոյն...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն

Երէկ` երկուշաբթի, 11 մարտ 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը: Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ ընդհանրապէս սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցեր: Արծարծուեցան նաեւ Ղարաբաղի ու Հայ դատին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ:  

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ  Սրբազանը Զահլէի Մէջ

Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ Սրբազանը Զահլէի Մէջ

Կիրակի, 10 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս հանդիսապետեց Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կրօնական արարողութեանց: Սուրբ պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեան: Քարոզեց նախկին հոգեւոր հովիւ Ներսէս Ա. քհնյ. Ճերմակեան: Սուրբ պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը «Օրհնութեան գիր»-ով պատուեց տէր Ներսէսը, որ երեսնամեայ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ: Այս առիթով, Նարեկ արքեպիսկոպոս ողջունեց տէր հօր երկարամեայ անձնդիր ծառայութիւնը եւ...

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած  Միութենականներու Պարգեւատրում

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած Միութենականներու Պարգեւատրում

«ՀՄԸՄ-ը Հայ Պատանիին Ու Երիտասարդին Մէջ Դրոշմեց Իր Էութեան Գիտակցութիւնը, Կազմաւորեց Զանոնք Իբրեւ Պատասխանատու Հայեր» Հաստատեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 10 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի հանդիսաւոր արարողութիւն` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Դաստիարակչական Յանձնախումբ.  Կիներու Միջազգային Օրուան  Արժանի Յարգանք Եւ Մեծարանք

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ. Կիներու Միջազգային Օրուան Արժանի Յարգանք Եւ Մեծարանք

Հայ ժողովուրդի կեանքը անջրդի եւ թափուր պիտի մնար առանց «Ժողովուրդէն եւ ժողովուրդին համար» նշանաբանով ստեղծուած եւ իր անմնացորդ, գործօն եւ աշխուժ մասնակցութիւնը բերած կանացի այս եզակի կազմակերպութեան` ՀՕՄ-ին եւ անոր լիբանանեան կառոյցին` ԼՕԽ-ին: Պատահական ձեւով չստեղծուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Յստակ կարիքէ մը մղուած եւ տարագիր հայութեան վէրքերը ամոքելու ու հայորդիներուն բեռը թեթեւցնելու միտումով հիմնուեցաւ ԼՕԽ-ը, որուն անդամները ազնիւ հայուհիներ էին:...

Յիշատակի Ս. Պատարագ`  Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի  Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով

Յիշատակի Ս. Պատարագ` Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի Ծննդեան 100-ամեակին Առիթով

Բարձր հովանաւորութեամբ Կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախկին սաներու եւ արիներու միութեան, տեղի ունեցաւ յիշատակի ս. պատարագ` նուիրուած հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ծննդեան 100-ամեակին: Արդարեւ, շաբաթ, 9 մարտ 2019-ի յետմիջօրէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի ամփիթատրոնին մէջ, ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ հոգեւոր տիրոջ, բարձրաստիճան եկեղեցականներու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, նախարարներու, պետական երեսփոխաններու, հայ քաղաքական...

Մամլոյ 148-րդ Լսարան.  Ներկայացում` Ճափոնի Մէջ Հայագիտութեան  Վիճակին Եւ Հայ-Ճափոնական Յարաբերութիւններուն

Մամլոյ 148-րդ Լսարան. Ներկայացում` Ճափոնի Մէջ Հայագիտութեան Վիճակին Եւ Հայ-Ճափոնական Յարաբերութիւններուն

«Ազդակ»-ի կազմակերպած 148-րդ լսարանին նիւթը իւրայատուկ էր, որովհետեւ անոր ընթացքին ներկայացուեցան ներկայիս Ճափոնի մէջ հայագիտութեան վիճակը եւ հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները: Երէկ` ուրբաթ, 8 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ լսարանին հիւր զեկուցաբերն էր Թոքիոյի օտար լեզուներու համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքի գիտաշխատող, հայագէտ դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա: Նախքան դասախօսութեան սկսիլը, «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն...

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց  Երկու Ազգային Վարժարանները

Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Երկու Ազգային Վարժարանները

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան ու Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէն խորհուրդներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը ընդգծեց վարժարաններուն մէջ հոգեւոր մթնոլորտի կենսունակութեան կարեւորութիւնը եւ փոխանցեց մարտ ամսուան ընթացքին զոյգ վարժարաններուն մէջ աշակերտական Ս. պատարագ մատուցելու Կրօնական ժողովի որոշումը: Սրբազանը նաեւ յանձնարարեց, որ երկու...

«Շէնքում Իրավիճակ Ա Փոխուել»  Կատակերգութիւնը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»  Թատերասրահին Մէջ

«Շէնքում Իրավիճակ Ա Փոխուել» Կատակերգութիւնը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 8 մարտին երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»  թատերասրահին մէջ բեմադրիչ եւ դերասան Նարեկ Դուրեան ներկայացուց «Շէնքում իրավիճակ ա փոխուել» նոր կատակերգութիւնը: Սոյն կատակերգութեան նիւթը կը խօսի անցնող տարուան Հայաստանի ներքին իրադարձութիւններուն, այլ խօսքով` թաւշեայ յեղափոխութեան մասին, որ բեմականացուած է հաճելի ու սրամիտ ոճով, նաեւ կ՛ուղղէ յատուկ պատգամներ: Կատակերգութեան դերասանները` Արտակ Մանուկեան,  Թամարա Պետրոսեան,...

Ազգային Վարժարաններ.  Ուսուցչաց Տօնի Միացեալ Ճաշկերոյթ

Ազգային Վարժարաններ. Ուսուցչաց Տօնի Միացեալ Ճաշկերոյթ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ Տըպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց տօնին առիթով ճաշկերոյթ, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը, ազգային վարժարաններու տնօրէնները, տնօրէն խորհուրդները եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան ըսաւ. «Պարտէզ մըն է դպրոցը: Ուսումն ու...

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն  Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Այցելութիւն Տուաւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ` հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս` ընկերակցութեամբ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանի, Ազգային առաջնորդարանի արտաքին յարաբերութիւններու տնօրէն Պարոյր Տէր Ղուկասեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 147.  «Կոմիտասը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ»  Նիւթով Ներկայացում

Մամլոյ Լսարան Թիւ 147. «Կոմիտասը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ» Նիւթով Ներկայացում

Երէկ` հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 147-րդ մամլոյ լսարանը, որ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, եւ որուն ընթացքին արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան ներկայացուց Կոմիտասը` հայ կերպարուեստին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս լասարանին նիւթը աւելի ընդգրկուն է` Կոմիտաս վարդապետի տիպարին խորհրդանշականութեան բերումով,...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան  Յարաբերական Յանձնախումբ.  Տարեկան Ճաշկերոյթի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Յարաբերական Յանձնախումբ. Տարեկան Ճաշկերոյթի Ձեռնարկ

ԼՕԽ-ը լիբանանահայ գաղութի պատմութեան թէ՛ դժնդակ եւ թէ՛ լաւ օրերուն միշտ պատնէշի վրայ եղած է ու իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործած` հասնելով լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն: Սակայն այս առաքելութիւնը թերաւարտ ու կիսատ պիտի մնար, երբ իրեն նեցուկ կանգնող բարերարներն ու ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող մարդիկ իրենց անմնացորդ լուման չզետեղէին ԼՕԽ-ի մարդասիրական գանձանակին մէջ: Այս առումով ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը, հաւատարիմ իր տարիներու աւանդութեան, դարձեալ...

Մեր Ընթերցողներուն

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիրի Նոր Փուլ

«Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ սկսած Ապագայ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրը պիտի վերսկսի` «Ազդակ»-ի յարկին տակ համախմբելով երկրորդական դասարաններու եւ համալսարանական Ա. եւ Բ. տարիներու հայ աշակերտներ եւ ուսանողներ: Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի նոր փուլը պիտի երկարի ապրիլէն դեկտեմբեր: Ապագայ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրին մասնակիցները պիտի հետեւին լրագրութեան սեղմ դասընթացքի մը, որ անոնց պիտի փոխանցուի փորձառու լրագրողներու եւ խմբագիրներու կողմէ, ինչպէս նաեւ ծրագիրը...

Page 200 of 365 1 … 199 200 201 … 365

Արխիւներ