Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Յարաբերական Յանձնախումբ. Տարեկան Ճաշկերոյթի Ձեռնարկ

March 8, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ը լիբանանահայ գաղութի պատմութեան թէ՛ դժնդակ եւ թէ՛ լաւ օրերուն միշտ պատնէշի վրայ եղած է ու իր առաքելութիւնը կատարելապէս իրագործած` հասնելով լիբանանահայութեան ծով կարիքներուն: Սակայն այս առաքելութիւնը թերաւարտ ու կիսատ պիտի մնար, երբ իրեն նեցուկ կանգնող բարերարներն ու ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող մարդիկ իրենց անմնացորդ լուման չզետեղէին ԼՕԽ-ի մարդասիրական գանձանակին մէջ: Այս առումով ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբը, հաւատարիմ իր տարիներու աւանդութեան, դարձեալ կազմակերպեց տարեկան ճաշկերոյթ, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Հիլթըն» պանդոկի «Լա պուրսպոլրում» սրահին մէջ: Սոյն ձեռնարկին ընդառաջեցին ԼՕԽ-ի գործին հաւատացող 265 բարերարներ, բարեկամներ եւ խաչուհիներ: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի կինը` Նարինէ Աթաբէկեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հայոց լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ յարաբերական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Սամուէլեան: Ան նշեց, որ Կիներու միջազգային օրուան զուգադիպող այս հանդիպումը տարեկան աւանդութեան վերածուած է, եւ մեծ թիւով բարեկամուհիներ, հաւատալով ԼՕԽ-ի առաքելութեան  եւ աշխատանքին, կ՛ընդառաջեն ու կը զօրակցին բարեսիրական այս ձեռնարկին: Յասմիկ Սամուէլեան մատնանշեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապն ու լիբանանահայութեան ընկերային, տնտեսական ու կրթական դժուարութիւնները, եւ ըսաւ, որ դժբախտաբար հակառակ կատարուող աշխատանքներուն, կը բազմանան կարիքները: Սակայն ԼՕԽ-ը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, կը շարունակէ օգտակար դառնալ հայ աշակերտին, կարիքաւորին, հիւանդին եւ ծերունիին: Ան յայտնեց, որ ներկաներուն մասնակցութիւնը մեծ քաջալերանք է իրենց աշխատանքին ու հաւաքական ճիգին եւ բարեգործութեան դրսեւորումն է հայ մարդուն եւ ազնիւ կեցուածք մըն է: Յասմիկ Սամուէլեան յարաբերական յանձնախումբին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք ճիգ չխնայեցին եւ սատարեցին այս ձեռնարկին յաջողութեան:

Ապա արաբերէնով դարձեալ յարաբերական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Քարոլ Թերզեան: Ան նշեց, որ այս ձեռնարկին նպատակն է աջակցիլ ԼՕԽ-ի առաքելութեան: Իր հիմնադրութեան օրէն ԼՕԽ-ը է ու կը մնայ օրինակը ծառայութեան եւ մարդկային արժէքներուն` հասնելով բոլոր կարիքաւորներուն, ուր որ ալ ըլլան անոնք, առանց սեռի ու համայնքի խտրութեան: Քարոլ Թերզեան ներկաներուն բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը նեցուկ նկատեց միութեան` աւելի լայն ծաւալով աշխատանքներ ծաւալելու համար:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով Յովիկ Գարախանեան ջութակով ներկայացուց հայկական եւ օտար զանազան երգեր եւ պարուրեց ներկաներուն հոգիները, իսկ Ցոլեր Քարճիքեան հայկական հեզաճկուն մենապար մը ներկայացուց:

Այնուհետեւ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ` ԼՕԽ-ի մարդասիրական եւ կրթական առաքելութեան ի նպաստ, եւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

ԼՕԽ-ի յարաբերական յանձնախումբի տարեկան այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Ներկաները գոհունակ սրտով մեկնեցան սրահէն:

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիրի Նոր Փուլ

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 147. «Կոմիտասը` Հայ Կերպարուեստի Մէջ» Նիւթով Ներկայացում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.