«Ազդակ»-ի նախաձեռնութեամբ սկսած Ապագայ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրը պիտի վերսկսի` «Ազդակ»-ի յարկին տակ համախմբելով երկրորդական դասարաններու եւ համալսարանական Ա. եւ Բ. տարիներու հայ աշակերտներ եւ ուսանողներ:
Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի նոր փուլը պիտի երկարի ապրիլէն դեկտեմբեր:
Ապագայ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրին մասնակիցները պիտի հետեւին լրագրութեան սեղմ դասընթացքի մը, որ անոնց պիտի փոխանցուի փորձառու լրագրողներու եւ խմբագիրներու կողմէ, ինչպէս նաեւ ծրագիրը պիտի ընդգրկէ հայութեան եւ համահայկական հարցերու վերաբերող դասախօսութիւններ, երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան դիմագրաւած հարցերուն մասին զրոյց-հանդիպումներ, որոնք իրենց փոխանցած տեղեկութիւններով շահեկան պիտի ըլլան ծրագիրին մասնակիցներուն:
Դասախօսութիւններուն կողքին պիտի ըլլան նաեւ ազգային կառոյցներու այցելութիւններ, ինչպէս նաեւ աշխատանքային հանդիպումներ:
Ապագայ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքող իւրաքանչիւր աշակերտ կամ ուսանող կրնայ դիմել Ապագայ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեանին` հեռաձայնելով «Ազդակ»-ի խմբագրատուն` 01-258526 թիւին:


