Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Ձեռնարկը` ՄԱԿ-ի Մէջ

March 15, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ), Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան հետ գործակցաբար, Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովի 63-րդ նիստին ընթացքին, 11 մարտ 2019-ին ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ ունեցաւ նիստ-քննարկում մը` արծարծելով այն նիւթը, թէ ինչպէ՛ս երկրի հիմնակառոյցը եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւնները կրնան յառաջացնել սեռային հաւասարութիւն:

Քննարկման մասնակցեցան մեծ թիւով երկիրներու, ՄԱԿ-ի բաժանմունքներու եւ զանազան ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ դեսպան Մհեր Մարգարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց երկշաբաթեայ խորհրդաժողովին կարեւորութիւնը եւ բոլոր երկիրներուն, ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու յանձնառութիւնը` սատարելու սեռերու հաւասարութեան սկզբունքին:

Առաջին զեկուցաբերը` Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչ Անուշ Բեջանեան կեդրոնացաւ Հայաստանի մէջ տիրող սեռերու խտրականութեան ներկայ վիճակագրութեան վրայ: Երկրորդ խօսողը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի ատենապետ, ճարտարագէտ Մարիա Մեհրանեան տուաւ ընդհանուր պատկեր մը իր կազմակերպութեան մասին եւ ընդգծեց անոր կենսական ծառայութիւնները Հայաստանի հիմնակառոյցի զարգացման աշխատանքներուն: Ան կեդրոնացաւ այն իրողութեան վրայ, թէ ինչպէ՛ս հիմնակառոյցը կրնայ ազդել կիներու հզօրացման: Վերջին զեկուցաբերը` Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետուհի դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ՀՕՄ-ի անմիջական օգնութիւնը Շիրակի մարզին մէջ: Դոկտ. Տէրտէրեան նաեւ նկարագրեց ՀՕՄ-ի «Սօսէ»  մանկապարտէզներու եւ Ախուրեանի «Մօր ու մանկան» առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան ծրագիրներուն գործադրումը` ընդգծելով համագործակցութեան լայն դաշտը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ պետական հիմնարկներուն միջեւ, որ կրնայ գոհացնել կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքներն ու կարիքները:

Աշխատանիստը վարեց ՀՕՄ-ի` ՄԱԿ-ի մէջ աշխատանքները համադրող Քրիստինա Մեհրապոտ, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն ու յիշեցուց, թէ Հայ օգնութեան միութիւնը, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը եւ Համաշխարհային դրամատունը ամէն օր իրենց գործունէութեամբ կ՛աշխատին կիներու եւ աղջիկներու իրաւունքները պաշտպանել:

Այս տարուան երկշաբաթեայ Կիներու յանձնաժողովի գլխաւոր նիւթն է` կիներու հզօրացումը` պաշտպանողական եւ հանրային ծառայութիւններու դրութիւններուն եւ հիմնակառոյցին ընդմէջէն: Յանձնաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 9000 ներկայացուցիչներ, որոնք Նիւ Եորք եկած են աշխարհի չորս կողմէն: Յառաջիկայ օրերուն ՀՕՄ-ը առողջապահական յանձնախումբին հետ պիտի ունենայ իր երկրորդ նիստը, եւ ՀՕՄ-ի անդամները պիտի մասնակցին այլ ձեռնարկներու:

1910-ին հիմնադրուած ՀՕՄ-ը կը գործէ 27 երկիրներու մէջ, մարդասիրական աշխատանք տանելով անխտիր` հայ թէ օտար համայնքներու մէջ: Նուիրուած իր առաքելութեան եւ բազմաթիւ մարդասիրական ծրագիրներու գործադրման` միութիւնը զօրավիգ կանգնած է կիներուն` իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բերելու իրենց գաղութներու հզօրացման` դաստիարակչական, առողջապահական եւ բարեսիրական մարզերուն մէջ: Տարիներէ ի վեր, ՀՕՄ-ը` իբրեւ լիիրաւ անդամ ՄԱԿ-ի տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC), գործունեայ կը մնայ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ:

Նախորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Երկրաշարժ Եւ Ցունամի` Ամերիկեան Քաղաքական Բեմին Վրայ

Յաջորդը

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Նիւթով Դասախօսութիւններու Շարքը Սկսաւ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.