Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ. Կիներու Միջազգային Օրուան Արժանի Յարգանք Եւ Մեծարանք

Մարտ 11, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ժողովուրդի կեանքը անջրդի եւ թափուր պիտի մնար առանց «Ժողովուրդէն եւ ժողովուրդին համար» նշանաբանով ստեղծուած եւ իր անմնացորդ, գործօն եւ աշխուժ մասնակցութիւնը բերած կանացի այս եզակի կազմակերպութեան` ՀՕՄ-ին եւ անոր լիբանանեան կառոյցին` ԼՕԽ-ին: Պատահական ձեւով չստեղծուեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը: Յստակ կարիքէ մը մղուած եւ տարագիր հայութեան վէրքերը ամոքելու ու հայորդիներուն բեռը թեթեւցնելու միտումով հիմնուեցաւ ԼՕԽ-ը, որուն անդամները ազնիւ հայուհիներ էին: Անոնք հաւատացին ԼՕԽ-ի առաքելութեան եւ ջանադիր, հեռատես ու նուիրեալ ԼՕԽ-ականներ ծառայութեան ջահը փոխանցեցին սերունդէ սերունդ: Հայ կինը, շնորհիւ իր բազմատաղանդ կարողութեան, կրցաւ յղկել իր նկարագիրը, ամրապնդել իր գիտելիքները եւ ծառայել իր ազգի զաւակներուն` առանց վարձատրութիւն ակնկալելու: Այս առումով հայ կինը կարելի չէ լուսանցքի մէջ դնել եւ զայն դիտել իբրեւ լուսանկարիչի ոսպնեակէն դիտուած գեղեցիկ հայուհի: Իր արդար վաստակը լաւագոյն ապացոյցն է տարիներու վրայ տարածուած ծառայութեան: Այս դիտանկիւնէն Կիներու միջազգային օրը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ՛առնէ կնոջ դերը ընդհանրապէս եւ հայ կնոջ դերը մասնաւորապէս` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը այս տարի անգամ մը եւս պանծացուց Կիներու միջազգային օրը եւ կազմակերպեց պատշաճ ձեռնարկ շաբաթ, 9 մարտ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներ եւ մեծ թիւով ԼՕԽ-ականներ:

Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Ապա դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Սանդուխտ Հերկելեան: Ան նշեց, որ այդ օր աշխարհի մէջ զանազան հանդիսութիւններով վեր կ՛առնուին կիներուն ձեռք բերած նուաճումները, եւ անիկա կ՛անուանուի նաեւ «Կիներու իրաւունքներու օր»: Այդ օրուան ընթացքին կը պահանջուին կիներու տակաւին ձեռք չբերուած իրաւունքները, եւ յատուկ միջոցառումներով աշխատանք կը տարուի աշխարհի իրաւազրկուած կիներու իրավիճակի բարելաւման համար: Ապա ան նշեց, որ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը ջահակիրը եղած է հայ մշակոյթի պահպանման եւ ստեղծած է պատշաճ առիթներ մեր ժողովուրդին, յատկապէս հայ կնոջ ծանօթացնելու մեր արժէքները եւ վեր առնելու հայ կնոջ դերակատարութիւնը ազգային կեանքին մէջ: Սանդուխտ Հերկելեան նաեւ յայտնեց, որ հայոց պատմութիւնը կը վկայէ հայ կնոջ դերակատարութեան մասին` նշելով, որ հայ կինը իր ուժեղ մասնակցութիւնը բերած է ազգային-հասարակական կեանքին, հայրենիքը դիմագրաւած է լուրջ մարտահրաւէրներ եւ պատերազմներ: Ունեցած ենք յայտնի եւ անյայտ հերոս ու նուիրեալ կիներ, որոնք իրենց ամուսիններուն կողքին թեւ եւ թիկունք եղած են ազատագրական շարժումներուն: Ապա ան անդրադարձաւ հայ կնոջ ունեցած առաւելութեան եւ ըսաւ, թէ հայ կինը, շնորհիւ իր ազատատենչ եւ անընկճելի ոգիին, կրցած է յաղթահարել ամէն տեսակի դժուարութիւնները եւ կանգուն պահած է իր ընտանիքը: Ան իր խօսքը աւարտեց «ժպտա՛ կեանքին, որ կեանքն ալ ժպտայ քեզի» ժողովրդային յայտնի ասացուածքով:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Արի Տագէսեան եւ Ալեքս Տապաղեան կիթառով ներկայացուցին «Ռումպա թեմփեսթատ» եւ «Լէ Տէօ կիթառ» երգերուն նուագները:

Այնուհետեւ «ԱՖՀԻԼ» իրերօգնութեան սնտուկի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան Կիներու միջազգային օրուան առիթով դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ: Ան խօսեցաւ միութիւններուն կատարած շնորհակալ աշխատանքին համար, սակայն յոռի երեւոյթ նկատեց մակերեսային նորութիւններով տարուիլը եւ ինքնարդարացման համար  միութիւնները քննադատելը: Ան ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ը մեր կեանքի շատ մը մարզերուն մէջ ընելիք ունի: Նուիրումի, հաւատքի եւ տեսիլքի կարիք կայ: Ապա Յակոբ Լատոյեան հպանցիկ ակնարկ մը նետեց Կիներու միջազգային օրուան ստեղծման եւ նշեց, որ իւրաքանչիւր տարի կարգախօս մը կ՛ունենայ այս տօնը: Այս տարուան նշանաբանն է` «Ձգտիլ հաւասարութեան, փոփոխութեան եւ խելացութեամբ աշխատիլ»: Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, կարիքը կայ հաւասարութեան կառուցողական ոգիի եւ իրաւահաւասարութեան: Ան նշեց, որ աշխարհի մարտահրաւէրները ունին բազմաբնոյթ մտահոգութիւններ: Հարցը միայն աշխատանքի հետ կապուած չէ. հարցը ապրելու եւ վերապրելու հարց է: Իւրաքանչիւր օր, որ կ՛անցնի, փոփոխութեան պահանջ կը զգացուի:

Կիներու միջազգային օրուան առիթով Յակոբ Լատոյեան անդրադարձաւ հիմնական երեք մարզերու, որոնք իսկապէս կը բացայայտեն օրուան խորհուրդը: Առաջին` ազգային իմաստով, մեր ազատագրական պայքարէն մինչեւ ցեղասպանութիւն եւ ցեղասպանութենէն մինչեւ վերածնունդ, հայ կինը իր որոշիչ դերը ունեցած է: Հայ կիները եղած են ֆետայիներու կողքին, ազատութեան ձգտող եւ ազատութիւն դաստիարակող մայրեր: Մենք ունեցած ենք հերոսածին մայրեր, որոնք իրենց մասնակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ հասան իրենց առաքելութեան: Անհրաժեշտ է ամրապնդել մեր ուխտը, բարգաւաճիլ, բարձրացնել արժէքները, նուիրուիլ անանձնական աշխատանքի: Երկրորդ` հայ կիներու ներդրումը հայկական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան պատիւ նկատեց հայ ժողովուրդին մէջ ունենալ հանրայայտ կին դէմքեր, որոնք իրենց ներդրումը բերած են համաշխարհային պատմութեան մէջ: Ան նշեց նաեւ Հարաւային Կովկասի «Տալմա Նիուզ» կայքին Կիներու տօնին առիթով յիշատակուած այն կիները, որոնք իրենց արմատներով հայ են, ինչպէս` Ս. Շուշան Վարդենի, Մումթազ Մահալ, Ալէնուշ Տէրեան, Տիանա Աբգար, Զապէլ Եսայեան, Զարուհի Քաւալջեան: Այս անունները յիշատակելը պարզապէս կ՛ամրապնդէ կիներու դերակատարութիւնը, որովհետեւ մենք` իբրեւ հայ հաւաքականութիւն, բոլոր ազգերու կարգին մեր կիներու դերակատարութեան հաւատացած ենք: Յակոբ Լատոյեան ըսաւ, թէ այսօր կիներուն իրաւունքը  ոտնակոխուած է եւ արդարութեան պակասը կը շեշտուի ամէն տեղ: Ան յոյս յայտնեց, որ նման տօները առիթ ստեղծեն իւրաքանչիւր անարդար պայմաններու մէջ գտնուող հաւաքականութիւններուն, որ  հասնին հաւասարակշռուած եւ արդար պայմաններու: Երրորդ` այսօրուան նոր Հայաստանի մէջ փաստօրէն ականատես ենք կիներու գործօն մասնակցութեան, ինչպէս քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, գիտական եւ արուեստի մարզերուն մէջ: Յ. Լատոյեան նշեց, որ հակառակ դրական երեւոյթին, միւս կողմէ նահանջ կ՛արձանագրուի արժէքներու մարզին մէջ:

Իր դասախօսութեան վերջին բաժինով Յ. Լատոյեան անդրադարձաւ համաշխարհայնացման երեւոյթին եւ հայ կնոջ վերապահուած առաքելութեան: Ան շեշտեց, որ կինը կոչուած է առաւել իմաստութիւն դրսեւորելու, հաւասարակշռուած ըլլալու` զարգանալով մէկտեղ պահպանելու մեր արժէքները եւ մեր հիմնաքարը` հայ ընտանիքը: Ան մերժեց կնոջ նկատմամբ դրսեւորուող խտրականութեան տարբեր երեւոյթները, ընկերութեան կեանքին մասնակցութեան առումով կիներու նկատմամբ պարտադրուած սահմանափակումները: Յակոբ Լատոյեան իր խօսքը եզրափակեց կարդալով Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսի «Ծանիր զքեզ» գիրքէն ժուժկալութեան մասին գրութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ  բաժինով Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն Արի Տագէսեան (կիթառ), Ալեքս Տապաղեան (կիթառ), Կասիա Էճիտեան (սրինգ), Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ եւ կախում (սպանական նուագարան)) ներկայացուցին հայկական ժողովրդային երգեր:

Հուսկ բանքը եւ պահպանիչը կատարեց Պետրոս վրդ. Մանուէլեան: Ան շնորհաւորեց Կիներու միջազգային օրը եւ նշեց, որ հայոց պատմութեան մէջ հայ կնոջ վերապահուած է մեծ դերակատարութիւն: Ան մէջբերեց «Օրօրոցը օրօրող ձեռքերը աշխարհը կը կառավարեն» նշանաւոր խօսքը եւ յայտնեց, որ այս խօսքը իրաւացի եւ ճշմարտացի է հայ ազգին համար: Պետրոս վրդ. Մանուէլեան ըսաւ, թէ հայ կինը մայր եղած է եւ կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, որովհետեւ մայրութիւնը միայն բնութեան յատկանիշ չէ, այլ նաեւ առաքելութիւն է: Մայրութեան կողքին հայ կնոջ կարեւոր առաքելութիւնը կը նկատուի դաստիարակ ըլլալը: Մայրը կը դաստիարակէ իր զաւակը  հոգեմտաւորապէս: Արդ, լիարժէք իմաստով մայրը մայր կը դառնայ, երբ կը դաստիարակէ իր զաւակը: Ան հայ մայրը դիտեց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի աչքերով: ՀՕՄ-ը եւ ԼՕԽ-ը մեր հաւաքական ընտանիքին մայրերը դարձած են: Ան նշեց, որ տան մէջ մայրութիւն կատարելը, դաստիարակելը բնական բան մըն է, սակայն տունէն դուրս գալը, անանձնական դառնալը եւ հաւաքական մեր ընտանիքին, ազգին մայրութիւն կատարելը  յատկանիշն է ԼՕԽ-ական հայ կնոջ: Մենք Կիներու միջազգային օրը պէտք է դիտենք ԼՕԽ-ի անդամ կիներուն դիտանկիւնէն: Ան նշեց, որ մայրերու տիպարը Աստուածամօր օրինակով վերամշակուեցաւ եւ վերստին արժէք ստացաւ: Հայ կինը ինքզինք պէտք է դիտէ Աստուածամօր տիպարին ընդմէջէն, որուն մէջ գտնուող բազմաթիւ արժանիքներ կը գտնուին հայ կնոջ մէջ. պէտք է այդ արժանիքները աւելիով աճեցնել եւ զարգացնել, եզրափակեց Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Ապա ներկաները հաւաքաբար աղօթեցին Տէրունական աղօթքը, եւ հայր սուրբին պահպանիչով վերջ գտաւ Կիներու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկը:

Աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը յուշանուէրներ յանձնեց օրուան դասախօս Յակոբ Լատոյեանին եւ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանին:

Հուսկ, ներկաներուն բաժնուեցան հայկական զարդանախշերով յիշատակի նուէրներ, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Ներկաները գոհունակ սրտով եւ լիցքաւորուած Կիներու միջազգային օրուան խորհուրդով վերադարձան իրենց տուները:

 

Նախորդը

«Մեր Ազգային Եւ Համայնքային Հարցերը Համալիբանանեան Տարողութեամբ Պէտք Է Քննենք Ու Լուծենք», Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած Միութենականներու Պարգեւատրում

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?