Սրբոց Յակոբեանց միաբանութիւնն ու Նուրհան արք. Մանուկեանը գուժած են Սրբոց Յակոբեանց միաբաններէն Համբարձում վրդ. Քէշիշեանի անակնկալ վախճանումը, որ պատահեցաւ կիրակի, 10 մարտ 2019-ին:
Լուսահոգի Համբարձում վրդ. Քէշիշեան ծնած է Պէյրութ` 1958-ին: 1972-1978 տարիներուն ուսանած է Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանին եւ ընծայարանին մէջ: 1984-ին ստացած է մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան: Իր բազմամեայ ծառայութեան ընթացքին եղած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան աւագ թարգման: