Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հոգեւոր Հայրերու Եւ Անոնց Ծնողներուն Հետ

Մարտ 22, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` հինգշաբթի, 21 մարտ 2019-ին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերուն եւ անոնց ծնողներուն հետ:

Իր բնոյթին մէջ եզակի հանդիպումին ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց, որ նմանօրինակ հանդիպումներու ճամբով կը հաստատուի փոխադարձ մտերմութիւն եւ գործակցութիւն ու լուսարձակի տակ կ՛առնուի մեր հոգեւոր եւ ազգային առաքելութիւնը: Նարեկ արքեպիսկոպոս մեծապէս գնահատեց հոգեւորականներու ծնողներուն իրենց ամէնէն թանկագինը` զաւակը ազգին նուիրելու պատրաստակամութիւնը:

«Դուք ձեր զաւակներէն չզրկուեցաք, այլ ընդհակառակն` առաւել հարստացաք զանոնք մեր մեծ ընտանիքին` հայ եկեղեցւոյ նուիրելով: Մենք` հոգեւորականներս, դպրեվանքին մէջ ապրեցանք եղբայրութեան քաղցրութիւնը եւ կազմաւորուելէ ետք, Աստուծոյ ծառայութեան ուղիին վրայ առաւե՛լ հարազատութեամբ մեր ժողովուրդը ճանչցանք ու սիրեցինք», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը:

Սրբազան հօր եւ հոգեւոր հայրերու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն միջեւ մտերմիկ զրոյցը շարունակուեցաւ Մեծ պահքի ուտելիքներու հիւրասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ յուշերու եւ տպաւորութիւններու պատումով ու հաւաքական երգեցողութեամբ:

Նարեկ արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ նմանօրինակ հանդիպումներ պարբերական դրութեամբ յառաջիկային եւս պիտի կազմակերպուին, որովհետեւ ասոնք առիթներ են փոխադարձ ծանօթացման եւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի ստեղծման:

 

 

Նախորդը

Միակ Ամբաստանեալը, Որ Անպարտ Էր

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?