Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Երգչուհի Սոփրանօ Սթեֆանի Քոչարեանի Հիասքանչ Ելոյթը

March 21, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 20 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ  աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը` կատարողութեամբ հայրենի երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ըսաւ, թէ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը ուրախութիւնը ունի  ներկայացնելու հայրենի արուեստագէտ, երգչուհի, մանկավարժ, մանկական երգերու հեղինակ, սոփրանօ Սթեֆանի Քոչարեանը:  Գեղարուեստի դպրոցներու տարեկան ելոյթներուն ծիրին մէջ ընդ մէջ կը կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ, որոնցմէ մէկն ալ երաժշտական երեկոն է: Ան յայտնեց, որ եզակի առիթ մըն է, որ պիտի ընծայուի բոլորին` հաղորդուելու բարձրորակ արուեստի հետ: Ասիկա Սթեֆանի Քոչարեանի երկրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, դաշնակի վրայ երգչուհիին պիտի ընկերակցի Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանը: Ան խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք աջակցած են ձեռնարկի յաջողութեան եւ մանաւանդ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ խնամակալութեան:

Երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեան, որ ելոյթ ունեցած է աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր սրահներու բեմերուն վրայ, ծափողջոյններով դիմաւորուեցաւ արուեստասէր ներկաներուն կողմէ եւ հիանալի ձեւով մեկնաբանեց Կոմիտասի «Քելէ-քելէ», «Գարուն ա» եւ «Հով արէք սարեր ջան» երգերը, ինչպէս նաեւ Ջրբաշեանի «Հայուհի գեղեցիկ», Բ. Կանաչեանի «Օրօր»-ը: Գեղեցիկ եւ առինքնող կատարումներ էին նաեւ Պախի «Աւէ Մարիա»-ն, Կլուքի «Orfeo’s Aria from “Orfeo ed Euridice”»-ը, Լաքալլէի «Amapola»-ն, Տելիպսի «Spanish song»-ը եւ Լահարի «Giuditta’s Aria from ‘’Giuditta’’»-ն: Սքանչելի հնչեցին նաեւ Սայաթ-Նովայի «Քանի վուր ջան իմ», Խ. Աւետիսեանի «Իմ անուշ տաւիղ» եւ «Իմ եղէգ» երգերը:

Ձեռնարկին երկու անգամ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգային «Բարսեղ կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակը, Յովհաննէս Գարախանեան` ջութակ, Նայիրի Ղազարեան` թաւջութակ, Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան` դաշնակ: Անոնք բարձրորակ կատարումներով նուագեցին Լալոյի «Spanish Symphony in D minor, Op. 21 1st part»-ը եւ Խաչատուրեանի «Ռոմանս»-ը եւ «Վալս»-ը:

Հանդիսատեսը երգչուհի Սթեֆանի Քոչարեանի գեղեցիկ երգեցողութեան ազդեցութեան տակ հոգիի հանգստութիւն զգաց եւ շուրջ ժամ մը մոռնալով իրականութիւնը վայելեց անոր երգին թովիչ հնչիւններուն կախարդանքը:

Նախորդը

Կեսարիոյ Բարեսիրական Ընկերակցութիւն. Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակը Բողոքեց Իսրայէլեան Ուժերուն Դէմ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.