Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթը

March 16, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 15 մարտ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Ալ Պուսթան» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան նախաճաշ-հաւաքոյթ:

Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն անունով խօսք արտասանեց

Մարօ Սալխանեան

, որ ներկայացուց Համազգայինի 90-ամեայ դերը հայապահպանութեան գործին մէջ` ընդգծելով իւրայատկութիւնը «Քնար» պարախումբին, որուն շարքերուն մէջ հասակ նետած են մեծ թիւով երիտասարդներ: Մարօ Սալխանեան ըսաւ. «Տարիներ շարունակ պարախումբը հանդէս կու գայ ելոյթներով, միջդպրոցական փառատօներով եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ տարբեր բնոյթի մշակութային ու ազգային ձեռնարկներու»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Քնար» պարախումբի դերակատարութեան հաւատացողներուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական նեցուկ հանդիսացած է պարախումբին:

Թալին Կէօվօղլանեան

Իսկ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն անունով արաբերէնով ողջոյնի խօսք արտասանեց Թալին Կէօվօղլանեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք շեշտեց մշակոյթի դերակատարութեան վրայ` ազգերու գոյատեւման պայքարին մէջ, անդրադառնալով յատկապէս 90-ամեայ Համազգայինին եւ անոր բազմաճիւղ գործունէութեան: Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, որոնք հաւատալով «Քնար» պարախումբի աշխատանքին, իրենց ներկայութեամբ եւ ներդրումով կ՛ամրապնդեն աշխատանքի մարզին մէջ եղողներուն կամքն ու վճռակամութիւնը` գործը շարունակելու նկատմամբ:

Դալար Սալխանեան

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Քնար» պարախումբի վարչութեան անդամ Դալար Սալխանեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յարգանքի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց 90-ամեայ Համազգայինի հիմնադիրներուն` անոնց սկսած կրթական եւ մշակութային գործին եւ ձգած ժառանգին համար: Դալար Սալխանեան ըսաւ. «Այսօր, երբ կը դիմագրաւենք զանազան դժուարութիւններ, «Քնար» պարախումբը, շնորհիւ տաղանդաւոր պարուսոյցին եւ գեղարուեստական ղեկավարներու անխոնջ ճիգերուն, շնորհալի երիտասարդներու նուիրումին, վարչութեան  եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի ժրաջան աշխատանքին, բարերարներու ու նուիրատուներու սրտաբուխ օժանդակութիւններուն, կու գայ բարձր պահելու հայ մշակոյթի եւ մանաւանդ պարարուեստի ջահը»:

Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրով Յովիկ Գարախանեան ջութակով ներկայացուց զանազան երգեր, իսկ Նժդեհ Պոտրումեան հանդէս եկաւ հայերէն երգերով:

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

 

Նախորդը

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Շնորհաւորէ Մետրոպոլիտ Սալիպան

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ը. Դասարանի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.