Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Նիւթով Դասախօսութիւններու Շարքը Սկսաւ

March 15, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբը եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը նախաձեռնած են քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարք մը, որուն առաջինը` «Աղիքներու քաղցկեղ» նիւթով, տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ:

Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն յայտնեց, որ հաւաքուած ենք անդրադառնալու մեր ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հիւանդութեան մը, որ բոլորին սարսափ կը պատճառէ` աւելցնելով, որ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ իր բժշկական խրատներով  պիտի լուսաբանէ եւ ցուցմունքներ տայ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք կանխարգիլել քաղցկեղը, որովհետեւ մեր ընտանիքներուն մէջ ուրախութիւնը մեր առողջութենէն կախեալ է: Քրիստին Սարգիսեան փափաք յայտնեց, որ դասախօսութեան ընթացքին ներկայացուած գիտելիքները ներկաները իրենց կարգին փոխանցեն իրենց ընտանիքին եւ շրջապատին:

Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուցած իր դասախօսութեան սկզբնաւորութեան բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ քաղցկեղ` խօսելով այն երեւոյթներուն մասին, որոնք պատճառ կը հանդիսանան քաղցկեղի ծնունդին, ինչպէս` ծխախոտի եւ ոգելից ըմպելիներու գործածութիւնը, ոչ սննդարար ճաշեր ուտելը, կենսոլորտի ապականումը, անբնական գիրութիւնը, ժառանգականութիւնը, նաեւ տարիքի աճը:

Անդրադառնալով աղիքներու քաղցկեղին` տոքթ. Համբիկ Քուրիէ նկատել տուաւ, որ մարտ ամիսը աղիքներու քաղցկեղի ամիս է, եւ ժողովուրդը կարեւորութիւն չի տար այս տեսակի քաղցկեղին` շեշտելով, որ մեծ է թիւը հիւանդներուն, որոնք կը տառապին աղիքներու քաղցկեղէ, որ բաւական տարածուած է: Ան թուեց պատճառները աղիքներու քաղցկեղին, ինչպէս` տարիքը, մարզանքի պակասը, ծխախոտը, ոգելից ըմպելիները, պտուղ եւ բանջարեղէն չուտելը, ժառանգականութիւնը: Ան խօսեցաւ այս տեսակի քաղցկեղի կանխարգիլման միջոցներուն մասին եւ շեշտեց, որ այս տեսակի քաղցկեղին վերաբերեալ գոյութիւն ունին երկու տեսակի քննութիւններ, որոնց պէտք է ենթարկուինք, որպէսզի կանխենք քաղցկեղը: Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Համբիկ Քուրիէ յորդորեց ներկաները, որ 50 տարեկանէն վեր անպայման քննութիւնները կատարեն, որպէսզի կանխեն աղիքներու քաղցկեղը եւ պայքարին անոր դէմ:

Դասախօսը լուսաբանութիւններ տուաւ ներկաներու հարցումներուն:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ նկատել տուաւ, թէ նման ձեռնարկներու կազմակերպումով կ՛անդրադառնանք, որ հաւաքական պատասխանատուութիւն ունինք իրարու նկատմամբ: Ան ըսաւ, որ թերեւս ոմանք հարց կու տան, թէ ի՞նչ է կապը սրբազան հօր ու քաղցկեղին միջեւ եւ ինչո՞ւ հովանաւորել սոյն նախաձեռնութիւնը` բացատրելով, որ Լիբանանի հայոց թեմի կանոնագրութեան 20-րդ յօդուածին 13-րդ կէտին մէջ նշուած է, որ առաջնորդը մղում կու տայ լիբանանահայ համայնքի հոգեւոր, մշակութային, կրթական, ընկերային, առողջապահական եւ տնտեսական կեանքին` աւելցնելով, որ այս սկզբունքէն մեկնած նախաձեռնած են դասախօսական այս շարքին:

Սրբազանը նկատել տուաւ, որ յարմար տեսած են գործակցիլ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հետ, որպէսզի ժողովուրդին զաւակները անդրադառնան, որ Ազգային առաջնորդարանը մեկուսացած հաստատութիւն մը չէ, այլ` մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն հետ, մեր կեանքին մէջ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ գործակցելու պատրաստակամութիւնը ունի: Սրբազան հայրը ակնարկելով սոյն դասախօսական շարքին շեշտեց, որ անոր ընդմէջէն գիտութիւն չէ, որ կը տրուի, այլ` կը շեշտուի հիւանդութեան կանխարգիլումը: «Մեր յաջողութեան բանալին մեր մասնակցութիւնն է: Ամէն մարդ իր ունեցածը կու տայ իրարու եւ իր ազգին: Ինչ որ կրնանք տալ, աւելի հարստացած եւ առատացած կը վերադառնայ մեզի», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի Ձեռնարկը` ՄԱԿ-ի Մէջ

Յաջորդը

«Հայ Մամուլի Տարուան» Առիթով. Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Լիբանանահայ Օրաթերթերու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

October 7, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն
Գաղութային

Գրենական Պիտոյքներու Բաշխում Հայկական Տարբեր Վարժարաններու Աշակերտներուն

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.