Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Տիկնանց Յանձնախումբի Գարնանամուտի Ճաշկերոյթ

Մարտ 18, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 13 մարտին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ եւ նախագահութեամբ Անի Կիտանեանի, գարնանամուտի առիթով ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ Նահր Քալպի «Ռիվըր կարտըն» ճաշարանին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարելով` յանձնախումբի ատենապետ Ծովիկ Գէորգեանը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, որ ներկաները ընդառաջելով հրաւէրին` քաջալերած կ՛ըլլան տիկնանց յանձնախումբին ձեռնարկները, որոնց նպատակն է սատարել քոլեճին: Ծ. Գէորգեան յատուկ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Անի Կիտանեանին, որ սիրով ընունած էր ձեռնարկը նախագահելու առջարկը: Ծ. Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ յանձնախումբի տիկիններուն, որոնք կամաւոր կերպով իրենց ժամանակը կը տրամադրեն` վարժարանի բարօրութիւնը ապահովող ձեռնարկներ կազմակերպելով:

Ներկաներուն բարի վայելում մաղթելէ ետք, Ծ. Գէորգեան հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն խորհուրդի անդամ Անի Բագրատունին` արտասանելու համար իր խօսքը:

Բագրատունի, իր կարգին, բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ յատկապէս` Անի Կիտանեանին, որ ընդունած էր նախագահել այս ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ` տիկին Մաթոսեանին եւ տիկին Թերզեանին, որոնք ընդառաջած էին հրաւէրին:

Իր խօսքի մէջ, Ա. Բագրատունի շեշտեց ուսման կարեւորութիւնը, որպէսզի մարդը դառնայ զարգացած, արտադրող եւ ինքնաբաւ անհատ մը: Անդրադառնալով ազգային վարժարանի կարեւորութեան` ան ըսաւ. «Ազգային դպրոցի երկնակամարին վրայ կը սաւառնին մեր թագաւորներու, լուսաւորիչներու, սպարապետներու, հերոսներու եւ նահատակներու հոգիները, որոնցմէ կեանք կը ստանայ ազգային վարժարանը եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ կը տարբերի ուրիշներէ, որովհետեւ ՀԱՅ մարդը կը պատրաստէ»:

Բոլոր ներկաներուն բարի վայելում մաղթելէ ետք, Ա. Բագրատունի հրաւիրեց Անի Կիտանեանը` իր սրտի խօսքը արտասանելու համար:

Ա. Կիտանեան ներկաներուն ըսաւ, որ իրենք ալ ծնողք են, իրենք ալ դժուար օրեր անցուցած են եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ տէր եւ տիկին որոշած են իրենց ճակտի քրտինքէն նուիրել յատկապէ՛ս ուսման ծարաւ հայ մանուկներու եւ պատանիներու: Կիտանեան յիշեց իր մեծ մայրը, որ բարձրագոյն ուսման հետեւած էր եւ մի՛շտ քաջալերած էր ուսումն ու զարգացումը: Այդ մեծ մայրը իրենց վստահեցուցած էր, որ օր մը հայերէնն ու Հայաստանը իրենց արդար տեղը պիտի գրաւեն աշխարհի քարտէսին վրայ. «Այսօր այդ բոլորը իրականացած են», եզրափակեց Կիտանեան:

Քոլեճի տիկնանց յանձնախումբը յուշանուէրով եւ գարնանային ծաղկեփունջով մը պատուեց Ա. Կիտանեանը:

Ձեռնարկը ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական բաժին մը: Հայկական գեղեցիկ նազպարով մը հանդէս եկան քոլեճի շրջանաւարտ Արազ Գոճայեանն ու պարի դասատու Զեփիւռ Տօնիկեանը: Սաքսոֆոնի վրայ երաժշտական կտորներ հրամցուց Ծովակ Պաղտասարեան-Թաշճեանը, իսկ երգիչ Վարդանաքի աշուղական, գաւառական եւ ազգային երգերով ճոխացուց մթնոլորտը եւ խանդավառեց ներկաները:

Ներկաները գոհ եւ ուրախ բաժնուեցան` յաջորդ ձեռնարկներուն դարձեալ տեսնուելու խոստումով:

 

Նախորդը

ԼՕԽ. Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան Ներկայացուց «Պնդութիւն Եւ Փորհարութիւն» Նիւթը

Յաջորդը

Պատրիարքը Գնաց, Հապա Մենք Կա՞նք

RelatedPosts

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Գաղութային

Գիւտ Խաչի Տօն Եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 30, 2025
«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը
Գաղութային

«Բեմին Ձայնը» Ասմունքի Եւ Բեմական Կատարողութեան Ակադեմիայի Պաշտօնական Բացումը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան»  Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս
Գաղութային

Փոլիոյի Պատուաստի Անվճար Արշաւ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնէն Ներս

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?