«Եւրատեսիլ 2019» երգի միջազգային մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչը երէկ երեկոյեան յաղթահարեցին Հիւսիսային Մակեդոնիան, Հոլանտան, Ալպանիան, Շուէտը, Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան եւ Մալթան:
Հայաստանը այս մրցումին ներկայացնող Սրբուհի Սարգսեան «Ուոքինկ աութ» երգով հրաշալի ելոյթ ունեցաւ, բայց չանցաւ եզրափակիչ:
14 մայիսին տեղի ունեցած մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչէն ետք եզրափակիչ փուլ անցած էին Յունաստանը, Պիելոռուսիան, Սերպիան, Կիպրոսը, Էսթոնիան, Չեխիան, Աւստրալիան, Իսլանտան, Սան Մարինոն եւ Սլովենիան:
Եզրափակիչ փուլը տեղի կ՛ունենայ 18 մայիսին: