Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթը

May 20, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար կիրակի, 19 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբը հանդէս եկաւ իր տարեկան ելոյթով` ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, ընկերակցութեամբ դաշնակահարներ Լիանա Յարութիւնեանի եւ Լիւսի Գռուզեանի:

Համազգայինի 22 տարեկան «Կարկաչ» երգչախումբին սոյն ելոյթը նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն: Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, որ տարիներու ընթացքին ունեցած է աւելի քան 900 անդամներ, բազմաձայն յատուկ տարբերակով ներկաներուն հրամցուց հայկական ժողովրդական եւ բարձր մակարդակի երգեր: Ելոյթի ընթացքին, «Կարկաչ»-ի պատանեկան երգչախումբը արաբերէնով երգեց «Պելետի Լուպնեն ըլ ամր» երգը, գրուած` Զաքի Նասիֆի կողմէ. անիկա յատուկ մշակուած էր «Կարկաչ» երգչախումբին համար` դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի կողմէ:

Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբի ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ելոյթին երգերէն մաս մը կը պատկանի սփիւռքահայ երաժիշտ Աւետիս Նազարեանի: Քէշիշեան նշեց, թէ «Կարկաչ» երգչախումբը այս տարի սորվեցաւ սփիւռքահայ երաժիշտ Աւետիս Նազարեանի 21 երգերը, որոնցմէ մաս մը հրամցուեցան ելոյթին ընթացքին: Ան շեշտեց, թէ այն օրը, երբ երգչախումբը առաջին անգամ սկսաւ երգել Աւետիս Նազարեանի երգերը, նոյն պահուն իրեն լուր հասած էր, թէ աւելի քան 50-ամեայ սփիւռքահայ երաժիշտին յուղարկաւորութիւնը կը կատարուէր Վենետիկի մէջ: Քէշիշեան յայտնեց նաեւ, որ երգչախումբը Նազարեանի երգացանկով յատուկ ելոյթ մը պիտի ունենայ մօտ ապագային:

Ելոյթի աւարտին յատուկ անակնկալով մը հանդէս եկաւ Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը, որ միանալով «Կարկաչ» երգչախումբին, անոր հետ միասնաբար երգեց «Անուշ» օփերայէն կարգ մը երգեր: Ելոյթը փակուեցաւ «Փուր Թուա Արմենի» եւ «Երեւան Էրեբունի» երգերով, որոնք արժանացան ունկնդիրներու  գնահատանքին:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Քաղաքական Պատասխանատուութի՞ւն, Թէ՞ Մեղսակցութիւն

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.