Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 170 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ Լիբանանի Հայկական Դպրոցներուն

Յունուար 16, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը170 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը կը յատկացնէ Լիբանանի մէջ գործող 18 դպրոցներուն: Այս նուիրատուութեան ծիրէն ներս, նպաստ մը կը տրամադրուի նաեւ յատուկ կարգավիճակ ունեցող երեխաներ հոգացող Թռչնոց Բոյն հաստատութեան:

Անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին Լիբանանը կրկին անգամ յայտնուեցաւ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ծանր վիճակի մէջ: Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մօտէն հետեւեցաւ եւ կը շարունակէ հետեւիլ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական դաշտի զարգացումներուն, քաջ գիտակցելով, որ երկրին մէջ տեղի ունեցող բոլոր վերիվայրումները իրենց ուղղակի անդրադարձը ունին նաեւ հայ համայնքին եւ դպրոցին վրայ:

2019-ի կիսուն, Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը հրատարակեց Լիբանանահայ գաղութի կրթական կեանքին առնչուող իր ռազմավարութիւնը (https://gulbenkian.pt/armenian-communities/2019/08/09/new-strategy-lebanon/): Դպրոցական վերամուտին յաջորդելիք ծրագիրներուն մեկնարկը քանի մը ամիսով յետաձգուեցաւ՝ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապին պատճառաւ:

Ուղղակիօրէն դպրոցներուն փոխանցուած գումարները սահմանուեցան ըստ իւրաքանչիւր հաստատութեան աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմի թիւերուն, ինչպէս նաեւ՝ Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի Լիբանանի ներկայացուցիչին եւ դպրոցներու ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուած հարցերուն:

Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն՝  Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան այս առիթով ըսաւ, որ «դպրոցները համայնքին ապագան են: Կրթական ծրագիրներու կողքին անոնք ունին կենցաղային եւ առօրեայ հսկայական ծախսեր, որոնք այս դժուար օրերուն առաջնային կը դառնան: Ներկայ յատկացումները չեն փոխարիներ մեր ռազմավարութեան ծրագիրները, այլ՝ համեստ եւ անյետաձգելի նեցուկ մը կը հանդիսանան լիբանանահայ դպրոցին, հաստատելով Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան համագործակցութիւնը կրթական հաստատութիւններուն հետ»:

Դոկտ. Փանոսեան Փետրուար ամսուն պիտի այցելէ Լիբանան եւ հանդիպումներ պիտի ունենայ կրթական ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ՝ արժեւորելու համար ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած ծրագիրներուն ընթացքը եւ ուրուագծելու Հիմնարկութեան ապագայ քայլերը Լիբանանի մէջ:

 

Նախորդը

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Պրոնզէ Մետալակիր` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Յաջորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց 19 Տարեկան Էրիկ Ազիզեանի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?