Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» Խոհանոցի Յանձնախումբ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան Ներկայացուց «Տարեցներու Առողջապահական Մտավախութիւններ» Նիւթը

January 24, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբին հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Եոլանտ Ճոմպալաքեան» սրտի ճաշարանին մէջ դասախօսական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ տարեցներուն յատուկ: Օրուան նիւթն էր «Տարեցներու առողջապահական մտավախութիւններ», իսկ դասախօսն էր կեդրոնի առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ եւ ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան:

Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Սեդա Մածունեան: Ան ներկայացուց հակիրճ կենսագրականը դասախօս բժիշկին, ապա հրաւիրեց զինք ներկայացնելու նիւթը:

Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան իր ուրախութիւնը յայտնեց տարեցներուն նուիրուած այս ձեռնարկին համար եւ մատնանշեց, որ ԼՕԽ-ը իր ծառայութեամբ բոլորին կը հասնի: Այնուհետեւ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան սկսաւ իր դասախօսութեան, սահմանեց  մտավախութիւն բառը եւ ըսաւ, որ տարեցը միշտ վախեր կ՛ունենայ, յատկապէս կեանքի գծով վախեր: Ան մէջբերեց եւրոպացի մեծ գիտնական բժիշկի մը ծերերուն մասին սահմանումը, ըստ որուն` ծերութիւնը հիւանդութիւն չէ: Ծերութիւնը երեւոյթ մըն է, որուն բոլորն ալ պիտի հասնին: Մարդ արարածը պիտի անցնի փուլերէ, որոնցմէ խուսափիլ չկայ: Ան նշեց, որ ծերութեան փուլը մարդիկ ուրախութեամբ պէտք է թեւակոխեն: Մարդու մարմինը Աստուծոյ կամքով հարիւր տարուան շուրջ կեանք մը ապրելու սահմանուած է, սակայն մենք ի՞նչ ձեւով եւ ապրելակերպով կը հասնինք այդ փուլին: Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ է տարեցը: Տարեցը այն մարդն է, որ բազմատեսակ դժուարութիւններ ունի, ինչպէս` մարմնական, ֆիզիքական, հոգեկան, մտային, ընտանեկան եւ տնտեսական (նիւթական): Տարեցները երկու առանձնայատկութիւններ ունին: Կան հիւանդութիւններ, որոնք տարիքի յառաջացման հետ ի յայտ կու գան, օրինակ` սրտանօթային հիւանդութիւններ, գերճնշում, երիկամային հիւանդութիւններ, ոսկրափխրութիւն: Կան հիւանդութիւններ, որոնք կարելի չէ հակակշիռի տակ առնել, ինչպէս` Ալզհայմըրը. անոնք կը պատահին մեր կամքէն անկախ:

Տարեցներու կեանքի փոփոխութիւնը քանի մը փուլերէ կ՛անցնի: Առաջինը` կենսաբանական: Երբ տարիքը կը յառաջանայ, ինքնաբերաբար առաջին նշաններն են կնճիռներու յայտնաբերումը, մորթի բարակութիւնը. յիշողութիւնը, տեսողութիւնը, լսողութիւնը կը փոխուին: Հոգեբանական գետնի վրայ ալ փոփոխութիւններ կ՛ըլլան: Տարեցները աւելի զգայուն եւ վախկոտ կ՛ըլլան: Անոնք անվստահութիւն կ՛ունենան շրջապատին հանդէպ: Ապա ան հարց տուաւ, թէ ե՞րբ մարդիկ շուտ կը ծերանան: Ան ըսաւ, որ կան երիտասարդներ, որոնք ծերերու պէս կ՛ապրին, իսկ կան ծերեր, որոնք երիտասարդներու պէս կ՛ապրին: Ամուսնացողները աւելի երկար կ՛ապրին, քան ամուրիները, որովհետեւ այն մայրերը, որոնք կը պտղաբերին եւ զաւակներ կ՛ունենան, անոնք կը զօրացնեն իրենց դիմադրողականութիւնը: Իսկ ամուրին երբ հիւանդանայ, իրմով շատ հետաքրքրուող չունենար: Քունը շատ կարեւոր է կանուխ չծերանալու համար: Իւրաքանչիւր անհատ հինգ ժամ պէտք է քնանայ, սենեակին ջերմաստիճանը պէտք է բնական ըլլայ, բարձը եւ անկողինը` հանգստաւէտ: Ոգելից ըմպելիէ պէտք է ձերբազատիլ, որովհետեւ երբ լեարդը լաւ չկրնայ աշխատիլ, այդ ոգելից ըմպելին կ՛երթայ ուղղակի արիւնին մէջ: Ոգելից ըմպելիի մեծագոյն վնասներէն նաեւ հաւասարակշռութեան կորուստն է: Ծխելը նոյնպէս իր վնասները ունի: Ծխախոտի նիքոթինը թոքերը եւ բոլոր օրկանները կը վնասէ: Համեմներէ պէտք է խուսափիլ եւ առատ ջուր պէտք է խմել: Ան անդրադարձաւ նաեւ մարմնի հոտերուն, որոնք մարմնի գեղձերը կ՛արտադրեն: Մեր մարմնին տէրը մենք ենք, ուստի մեր մարմինը մենք պէտք է մաքրենք: Ան թելադրեց տարեցներուն խնդումերես ըլլալ: Տարեցը ունի իմաստութիւն եւ փորձառութիւն: Ան յորդորեց այս արժանիքներուն տէր կանգնիլ:

Դասախօսութեան վերջին բաժինով տոքթ. Վարդապետեան յայտնեց, որ տարեցը աւելի զգուշ պէտք է ըլլայ, քան երիտասարդը, որովհետեւ տարեցին մարմինը նոյն բուժումը չի կրնար ընկալել, եւ մարմնի դիմադրողականութիւնը տկարացած կ՛ըլլայ: Ան թելադրեց ներկաներուն պարբերաբար ընտանիքի բժիշկին այցելել:

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, բոլորին մարմնի մաքրութեան պիտոյքներ բաժնուեցան եւ ճաշ տրամադրուեցաւ:

Հուսկ ԼՕԽ-ի անունով յուշանուէր տրուեցաւ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանին:

 

 

 

Նախորդը

Ազգին Ու Հայրենիքին Ծառայութիւնն Է Դաշնակցութեան Ու Դաշնակցականին Երդումը

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 157. Դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան Դասախօսեց «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Վերաբերող Նիւթեր` Ազգային Արխիւին Մէջ» Խորագրեալ Նիւթին Մասին

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.