Ամերիկեան Դեսպանատան Մշակութային Կցորդը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն
Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մշակութային կցորդ Ռայիսա Տիւքաս երէկ` երեքշաբթի, 4 փետրուար 2020-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն, ուր դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին դեսպանատան մշակութային հարցերու մասնագէտ Ռիատ Եազպեք, «Նահնու» միութեան գործադիր տնօրէն Մոհամետ Այուպ, նշեալ միութեան մէջ արհեստագործութեան ծրագիրի համակարգող Հայա Խուրի, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Գառնիկ Մկրտիչեան, Էլի Նսէյր,...




















