Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին արձակուրդէն ետք Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրը երէկ վերսկսաւ գործադրուիլ:
«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ապագայ լրագրողները ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք պատրաստեցին միջազգային եւ շրջանային լուրեր:
Իւրաքանչիւրը ընտրեց իր սրտին խօսող լուրը եւ փորձեց անգլերէնով կամ ֆրանսերէնով լրատու գործակալութիւններէ քաղուած լուրը կարդալ ու զայն պատրաստել հայերէնով:
Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրը իր աշխուժ ընթացքը պիտի շարունակէ եւ քանի մը ամիսէն պիտի հասնի իր աւարտին:



