Հինգշաբթի, 9 յունուար 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ճորճ Սալիպա արքեպիսկոպոսը: Ան մայրավանք եկած էր յանուն Աֆրամ պատրիարքին շնորհաւորութիւն յայտնելու Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ խորհրդակցելու միջեկեղեցական հարցերու շուրջ:
Յայտնենք, որ օր մը առաջ վեհափառ հայրապետին այցելած էր նաեւ մարոնի եկեղեցւոյ առաջնորդներէն Փոլ Սայեահ արքեպիսկոպոսը: