Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 156. Սեւրի Դաշնագիրի 100-Ամեակին Ընդառաջ. Դոկտ. Արմէն Մարուքեան Դասախօսեց «Պահանջատիրութեան Պատմաիրաւական Հիմքերը» Խորագրեալ Նիւթին Մասին

Յունուար 17, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 16 յունուար 2020-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 156-րդ լսարանը` Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի 100-ամեակին առիթով  կազմակերպուած` «Պահանջատիրութեան պատմաիրաւական հիմքերը» խորագրեալ նիւթին շուրջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան, որ սեղմ տողերու մէջ անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագիրի պատմական իմաստին եւ իրաւական արժէքին: «Այս տարի կը զուգադիպի Սեւրի պայմանագիրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի հրապարակման 100-ամեակին», ըսաւ Յակոբեան եւ աւելցուց. «Ասոնք փաստաթուղթեր են, որոնց վրայ հիմնուած է հայութեան պահանջատիրութեան պայքարը, որ ուղղուած է ցեղասպան թրքական պետութեան դէմ»: Ապա ան հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսին կենսագրականը` թուելով անոր ցեղասպանագիտական կարգ մը մենագրութիւնները:

Ապա Ժագ Յակոբեան հրաւիրեց օրուան դասախօս` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հայկական հարցի եւ հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան  բաժինի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեանը: Դոկտ. Մարուքեան Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով, ուր ան յատուկ դասախօսութիւններ պիտի տայ կաթողիկոսութեան Հայագիտական բաժինի ուսանողներուն:

Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ հայրենի պատմագէտը հանգամանօրէն ներկայացուց 10 օգոստոս 1920-ին Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին պարտուած Թուրքիոյ եւ յաղթական դաշնակիցներուն միջեւ կնքուած Սեւրի դաշնագիրին եւ այս առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի պատրաստած Իրաւարար վճիռին կարեւորութիւնը, յատկապէս հայ ժողովուրդին համար: Դոկտ. Մարուքեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ գործադրած ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը տակաւին կը շարունակուի հիմնականին մէջ երկու մակարդակներով` ցեղասպանութեան ժխտողականութեան մակարդակով եւ մշակութային եղեռնի շարունակումով: Դասախօսը այս առիթով ներկայացուց 2017-ին ինը մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած մէկ աշխատասիրութեան եզրայանգումը` Հայոց ցեղասպանութեան կորուստներու թէ հետեւանքներու մասին: Ըստ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նշեալ աշխատասիրութեան, հիմնական հինգ խումբերու կը բաժնուին ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան կրած կորուստները: Դոկտ. Մարուքեան թուեց այդ հետեւանքները` իւրաքանչիւրին գծով նշելով հիմնաւորեալ փաստարկներ:

Գլխաւոր հետեւանքը հայրենազրկումն էր, ընդգծեց դոկտ. Մարուքեան:

Երկրորդը` մարդկային կորուստը: Նախքան ցեղասպանութիւնը կար երկուքուկէսէն երեք միլիոն հայ: Ասոր հետեւանքը շատ աւելի ծանր է այն իմաստով, որ եթէ ցեղասպանութիւն տեղի չ՛ունենար, այսօր աւելի քան քսան միլիոն կը հաշուէր հայութեան ընդհանուր համրանքը:

Երրորդը` հայութեան նիւթական կորուստը, ուր դժբախտաբար նկատի առնուած են միայն Արեւմտահայաստանի վեց նահանգներու կորուստները, մինչ Ատանայի  թէ Զմիւռնիոյ ջարդերու կորուստները չեն հաշուարկուած: Նաեւ չեն նկատուած կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու կրած կորուստներու հաշուարկը: Այս գծով Թուրքիոյ պատրաստած լքեալ գոյքերու օրէնքը խորապէս կ՛անտեսէ հայոց հիմնական իրաւունքները:

Յաջորդը` մշակութային ժառանգութեան կորուստն է, որ տակաւին կը շարունակուի:

Հինգերորդ կորուստը ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքն է, որ յետեղեռնեան իրերայաջորդ սերունդներուն վրայ խոր ազդեցութիւն կը ձգէ: Այս գծով դոկտ. Արմէն Մարուքեան բաղդատական մը կատարեց հայերու  եւ հրեաներու միջեւ` նշելով, որ հրեաներու պարագային հողային կամ հայրենիքի հարց չկար, մինչ հայոց պարագային հայրենադարձութեան եւ հողային պահանջատիրութեան զգացումն ու ազգային մղումը առանցքային են:

Դոկտ. Մարուքեան նաեւ անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի պատրաստած Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագծումի Իրաւարար վճիռին: Սեւրի դաշնագիրով Հայաստանի տարածութիւնը պիտի դառնար 160 հազար քառ. քմ: Դոկտ. Մարուքեան նաեւ թուեց Սեւրի դաշնագիրի հայութեան թէ Հայաստանին վերաբերող յօդուածները` նշելով իւրաքանչիւրին պատմական ու իրաւական կարեւորութիւնը Հայ դատի լուծման գծով: Դոկտ. Մարուքեան ընդգծեց, որ Սեւրի դաշնագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի յօդուածները չափազանց կարեւոր ու անբեկանելի են: Իսկ Սեւրի պայմանագիրի կարգավիճակին գծով ան յայտնեց, որ անկախ այս գծով թրքական մերժումներէն, Սեւրի դաշնագիրը մասնակիօրէն գործադրուած է, եւ գործնապէս Օսմանեան կայսրութիւնը բաժնուած է: «Սեւրի սինտրոմը» լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ թուրքերուն», շեշտեց դոկտ. Մարուքեան:

Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Նախորդը

Յովհաննէս Քաջազնունու Ճակատագիրը Խորհրդային Հայաստանում

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Կատարող Խումբը Բժշկական Պարագաներ Յանձնեց Հալէպի Հիւանդանոցին

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?