Գաղութային

Հաղորդագրութիւն Թիւ 6

Հաղորդագրութիւն Թիւ 6

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը այսու կը հաղորդէ, որ սկսած է հականեխիչ պիտոյքներու հաւաքման աշխատանքին: Ձեռնոցներու, հականեխիչ նիւթերու, դիմակներու եւ համապատասխան պիտոյքներու մեծաքանակ հաւաքէն անմիջապէս ետք Շտապը պիտի ձեռնարկէ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր խաւին այդ բոլորի տրամադրումի  լայնածաւալ աշխատանքին:  

Հաղորդագրութիւն Թիւ 5

Հաղորդագրութիւն Թիւ 5

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութիւնը,  ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, այցելեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի: Շտապը նախարարին ներկայացուց իր գործունէութեան ծրագիրը եւ աշխատանքային ոլորտները, յատկապէս Պուրճ Համուտի, Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ բարեսիրական միութիւններու եւ կեդրոններու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Այս իմաստով Շտապը անհրաժեշտ նկատեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը կարեւորութեամբ նկատի ունենայ հայահոծ շրջաններու դիմագրաւած պարագաները եւ անհրաժեշտ տնօրինումները կատարէ: Նաեւ օգտակար...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հաղորդագրութիւն

«Քորոնա» ժահր կոչուած այս աներեւոյթ թշնամիին դէմ պայքարելու հիմնական միջոցը մեր անձնական վերաբերմունքն է, ուր պէտք է անշեղօրէն եւ բծախնդրութեամբ գործադրենք այս մասին եղած բոլոր թելադրանքները: Կը մաղթենք, որ այս համաճարակը մեզմէ հեռու պահելու ՃԻԳԵՐԸ իրենց դրական եւ օգտակար դերակատարութիւնը ունենան: Գործնականօրէն արդէն իսկ համապատասխան քայլերու դիմած ենք` յառաջացնելով քաղաքապետութեան եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին հետ գործակցաբար տարբեր յանձնախումբեր, որոնք բծախնդիր...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 4

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը երէկ այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` զեկուցելու համար տագնապի յաղթահարման եւ  այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կազմակերպելու աշխատանքային ծրագիրին մասին: Շտապի անդամները շեշտեցին, որ կազմակերպման եւ գործնապէս օգնելու  ծրագիրը կը վերաբերի ամբողջ լիբանանահայութեան եւ կ՛առաջադրէ հասնիլ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ անհրաժեշտ օժանդակութեան պէտք ունի: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց այս պայմաններուն մէջ կատարուած նախաձեռնութիւնը,...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հիմնուելով` - Քաղաքապետարաններու օրէնքին (հրամանագիր թիւ 118 - 30/6/1977), մանաւանդ հանրային առողջութեան վերաբերեալ թիւ 74 յօդուածին, - Նախարարաց խորհուրդի թիւ 1 որոշումին (15 մարտ, 2020), որ կը վերաբերի 15 մարտ 2020 - 29 մարտ 2020 յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժին, - Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին հրապարակած  թիւ 130 շրջաբերականին (13 մարտ 2020) վրայ, կ՛որոշէ հետեւեալները. Ա.- Քաղաքապետարանի այն վարչութիւնները եւ...

Մեր Հոգեւորականներուն Ազնիւ Ուշադրութեան

Կ'ապրինք անբնական պայմաններու մէջ: Ներկայ տագնապին ստեղծած անորոշութիւնը, վախը եւ անձկութիւնը դարձած են ամէնօրեայ մտահոգութիւն` մեր անձնական, ընտանեկան, համայնքային ու ազգային կեանքին մէջ: Միշտ կ'աղօթեմ, որ Աստուած հեռացնէ այս չարիքը աշխարհէն, հիւանդներուն բժշկութիւն պարգեւէ եւ մեր զաւակները պահէ անվտանգ: Այս դժուար պայմաններուն մէջ յատկապէս, եկեղեցին պէտք է իր ժողովուրդին հետ ըլլայ: Եկեղեցին որպէս ծառայութիւն, առաքելութիւն եւ երկնային արժէքներու աղբիւր, հարկ...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

Հաղորդագրութիւն Թիւ 3

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը այսու կը հաղորդէ. Ա.- Հանդիպում կայացած է Շտապի եւ հայ  յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն միջեւ` անոնց զեկուցելու համար Շտապի աշխատանքային ծրագիրին մասին: Հոգեւոր պետերը, գնահատելով նախաձեռնութիւնն ու ճգնաժամի պայմաններուն մէջ համախումբ եւ նպատակաուղղուած աշխատանք տանելու հրամայականը, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Շտապին: Բ.- Հաստատուած է հեռաձայնային թէժ գիծ (hotline) 03-188911 «Քորոնա»-ի վերաբերեալ բժշկական խորհրդատուութիւններու եւ անհրաժեշտութեան պարագային համապատասխան միջոցներուն դիմելու...

Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատնքներուն Նպաստելու Նպատակով. Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում

Քորոնա Ժահրի Կանխարգիլման Աշխատնքներուն Նպաստելու Նպատակով. Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում

Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ արք․ Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս․ Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր․ դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան, այսօր, հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելու քորոնա ժահրի ստեղծած կացութիւնը։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ փոխադարձ գործակցութեամբ սերտելու գործնական կարելիութիւնները նախազգուշական...

Վախճանած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Անդամ Տ․ Տիրայր Արք․ Փանոսեան

Վախճանած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան Անդամ Տ․ Տիրայր Արք․ Փանոսեան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆի (1937-2020) վախճանումը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2020-ի երեկոյեան։ Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 20 Մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, եւ ապա, սրբազան հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ։...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 1 եւ 2.  «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապ

Հաղորդագրութիւն Թիւ 1 եւ 2. «Քորոնա»-ի Ճգնաժամային Շտապ

Հաղորդագրութիւն Թիւ 1 «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման միջոցներ որդեգրելու նպատակով կայացած ընդլայնուած խորհրդակցական նիստէն բխած Շտապը կազմուեցաւ հետեւեալ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներէն. ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն - Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն - Յակոբ Սիմոնեան ԱՖՀԻԼ - Յակոբ Լատոյեան Երեսփոխանական գրասենեակ- Րաֆֆի Մարգարեան Շտապի պատասխանատու - Աւետիս Կիտանեան Ճգնաժամի անմիջական հետեւանքներու յաղթահարման ձգտող ծրագիրներու գործունէութեան ընթացքին շտապի կազմին, ըստ անհրաժեշտութեան,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան «Քորոնա» Ժահրին Ստեղծած Ներկայ Կացութեան Շուրջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան «Քորոնա» Ժահրին Ստեղծած Ներկայ Կացութեան Շուրջ

17 եւ 18  մարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ  հաստատեցին իրարու հետ` «Քորոնա» ժահրին ստեղծած ներկայ կացութեան առնչուած: Վարչապետ Փաշինեան մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս ներկայ պայմաններուն մէջ կաթողիկոսութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն գծով: Կաթողիկոսը, իր կարգին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ համաշխարհային համաճարակի հետեւանքներուն ուղղութեամբ` աղօթելով, որ Աստուած մեր հայրենիքն ու ազգը հեռու պահէ...

Ընդլայնուած Նիստ` Ներկայ  Պայմաններու Դիմագրաւման Օրակարգով

Ընդլայնուած Նիստ` Ներկայ Պայմաններու Դիմագրաւման Օրակարգով

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հրաւէրով «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ընդլայնուած նիստ` «Քորոնա» ժահրի ստեղծած իրավիճակի, անոր կանխարգիլման նպատակով տրուելիք որոշումներու եւ ընկերաբժշկական կեդրոնները այս տագնապին ընդառաջ  աշխուժացնելու նպատակով: Նիստին, զոր վարեց Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, հրաւիրուած էին երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար  Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մեր Ընթերցողներուն

Արտակարգ դրութեան հաստատման եւ յատկապէս տեղաշարժերը սահմանափակելու պետական, առողջապահական յորդորներուն ընդառաջ, «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը որոշեց ժամանակաւորապէս «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը սահմանափակել չորս էջի մէջ: Այս տնօրինումը կը բխի պարտադրուող  աշխատակարգէ`  նուազագոյն անձնակազմով թերթը հրատարակել: Բնականաբար բովանդակութիւնը առաւելաբար պիտի ունենայ հրատապ լրատուական բնութագիր: Մինչ յօդուածագրական եւ վերլուծական բնոյթի գրութիւններ պիտի շարունակուին տեղադրուիլ կայքին վրայ: Խմբագրատան, քարտուղարութեան եւ վարչական բաժիններուն հետ կապը պիտի ըլլայ հեռաձայնային...

«Պուրճ Համուտի Մէջ Բարգաւաճման  Ծրագիրները Անհրաժեշտութիւն Են,  Իսկ Աղբակոյտը Անվերադարձ Կորսուած Է»    Շեշտեց Մ. Պօղոսեան

«Պուրճ Համուտի Մէջ Բարգաւաճման Ծրագիրները Անհրաժեշտութիւն Են, Իսկ Աղբակոյտը Անվերադարձ Կորսուած Է» Շեշտեց Մ. Պօղոսեան

Պուրճ Համուտի աղբակոյտի վերացումին մասին անցեալ շաբաթավերջին` կիրակի, 15 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց յատուկ յայտագիր մը` պատրաստուած  հաղորդավար Տանի Հատտատի կողմէ: Յայտագիրին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի կառուցման աշխատանքներուն մանրամասնութեան, անցուցած տարբեր փուլերուն եւ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք` իրականացած նուաճումին: Յայտագիրը, որ կը կրէր «Սաքաթալ ժապալ» խորագիրը, հիւրընկալեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ...

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Որոշումով  Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ Բոլոր  Եկեղեցիներուն Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը  Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի  Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Որոշումով Մինչեւ Աւագ Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագը Եւ Եկեղեցական Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան

Երէկ առաւօտ, երկու վեհափառ հայրապետները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, խորհրդակցութիւն մը ունեցան «Քորոնա» ժահրի ստեղծած համաճարակին եւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս անոր յառաջացուցած հետեւանքներուն մասին: Երեկոյեան վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի եպիսկոպոսներուն հետ: Արդարեւ, մեկնելով մեր ժողովուրդի անվտանգութեան նկատմամբ մեր ունեցած նախանձախնդրութենէն, միաժամանակ հետեւելով բժիշկներու ու մասնագէտներու թելադրութիւններուն,...

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէն Ֆանարի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Կանխարգիլման  Միջոցառումներու Կը Նախաձեռնէ

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէն Ֆանարի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Տարածման Կանխարգիլման Միջոցառումներու Կը Նախաձեռնէ

«Քորոնա» ժահրին տարածումը շրջանին մէջ կանխարգիլելու համար ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտ 2020-ին սկսաւ շրջանի հասատատութիւններուն հականեխումը, եւ եկող օրերուն պիտի ընդարձակէ ծիրը` հականեխելու ամբողջ շրջանը: ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէն շրջանի բնակչութեան ուշադրութեան կը յանձնէ կարգ մը կէտեր, մեկնելով ընդհանուր ապահովութեան սկզբունքէն, նախ եւ առաջ բնակչութեան ըսելու, որ առանց ծնողներու ընկերակցութեան 16 տարեկանէն վար պատանիներու շրջագայութիւնը արգիլուած...

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ Որդեգրուեցան  «Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ  Կանխարգիլման Տարբեր Միջոցառումներ

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ Որդեգրուեցան «Քորոնա» Ժահրի Տարածումին Դէմ Կանխարգիլման Տարբեր Միջոցառումներ

Համաշխարհային համաճարակի ձեւաչափով մարդկութեան ներկայացած «Քորոնա» ժահրէն անմասն կարելի չեղաւ պահել Լիբանանը, ուր մարդիկ հետզհետէ սկսած են լուրջ վերաբերում ցուցաբերել այդ ժահրին դէմ պայքարելու միջոցառումներուն հանդէպ: Համաշխարհային գետնի վրայ «Քորոնա» ժահրին տարածումին դէմ կանխարգիլման տարբեր միջոցառումներու որդեգրման շրջագիծին մէջ Լիբանան իր կարգին սկսաւ դիմել համախմբումները արգիլելու եւ քաղաքները շրջափակելու քայլերուն: Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետարանները անմասն չմնացին այս միջոցառումները որդեգրելէ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, նկատի առնելով Լիբանանի մէջ տիրող դժուար ընկերային-տնտեսական պայմանները, իր Ընկերային ծառայութեան կեդրոնին միջոցով արդէն իսկ սկսած է 400-է աւելի կարիքաւոր ընտանիքներու օգնել սննդեղէն բաժնելով ամսական դրութեամբ, անսալով անանուն բարերարներու, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան, ինչպէս նաեւ յարգարժան տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու առատաձեռն օժանդակութիւններուն: Բաշխումները սկսած են 2019-ի դեկտեմբեր ամիսէն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ինչպէս...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Հաղորդագրութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, հիմնուելով` . Քաղաքապետարաններու օրէնքին (հրամանագիր թիւ 118 - 30/6/1977) մանաւանդ հանրային առողջութեան վերաբերեալ թիւ 74 յօդուածին, . Նախարարաց խորհուրդի թիւ 42 որոշումին (11 մարտ, 2020), . Առողջապահութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներու շրջաբերականներուն եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետի թիւ 116 որոշումին (11 մարտ, 2020), . «Քորոնա» ժահրի առնչութեամբ միջոցառումներու պետական յանձնախումբի որոշումներու վրայ, կու տայ հետեւեալ որոշումները. Ա.- Քաղաքապետարանի այն վարչութիւնները...

Page 171 of 365 1 … 170 171 172 … 365

Արխիւներ