
«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը այսու կը հաղորդէ, որ սկսած է հականեխիչ պիտոյքներու հաւաքման աշխատանքին:
Ձեռնոցներու, հականեխիչ նիւթերու, դիմակներու եւ համապատասխան պիտոյքներու մեծաքանակ հաւաքէն անմիջապէս ետք Շտապը պիտի ձեռնարկէ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր խաւին այդ բոլորի տրամադրումի լայնածաւալ աշխատանքին:


