Գաղութային

Յայտարարութիւն

Տեղեկացնում ենք, որ Լիբանանում «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգելման միջոցառումների շրջանակներում` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը մարտի 16-ից կ՛անցնի աշխատանքային արտակարգ դրութեան` ժամանակաւորապէս սահմանափակելով քաղաքացիների ընդունելութիւնը եւ շարունակելով մատուցել միայն հետեւեալ հիւպատոսական ծառայութիւնները. - անձնագրերի տրամադրում, - անձնագրերը ստանալու համար դիմումների ընդունում, - օտարերկրեայ պետութիւններում Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագրի վաւերականութեան ժամկէտի երկարաձգում: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան դիմումների ընդունումը, փաստաթղթերի վաւերացումը եւ հիւպատոսական այլ ծառայութիւնների մատուցումը...

Շահէ Եպս. Փանոսեանը Կաթողիկոսական  Փոխանորդ` Լիբանանի Հայոց Թեմին

Շահէ Եպս. Փանոսեանը Կաթողիկոսական Փոխանորդ` Լիբանանի Հայոց Թեմին

Երէկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց մամուլին. Կ՛ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը տեղեակ պահել, որ վեհափառ հայրապետը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեանին այլ առաքելութիւն մը վստահած ըլլալով, Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ նշանակեց Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանը: Գերաշնորհ սրբազան հայրը իր նոր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ ուրբաթ, 13 մարտի առաւօտուն:...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց հանրութեան. Երեքշաբթի, 10 մարտ 2020-ին «Ուաթսափ» ընկերային հաղորդակցութեան միջոցով շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ լուր մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն մէկը վարակուած է նոր «Քորոնա» ժահրով եւ քաղաքապետարանի շէնքը հականեխումի ընթացքի մէջ է: Ձայնագրուած լուրը կը հաստատէ, որ քաղաքապետարանի պաշտօնեան, որ հոգեւորական մըն է, ենթարկուած է նոր «Քորոնա» ժահրի...

Պուրճ Համուտի Մէջ Անշարժ  Գոյքի Սեփականատէրերու Ուշադրութեան

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց հանրութեան. Կարգ մը ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ դրուեցան տեսերիզի բաժիններ, որոնց մէջ կ՛երեւին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ոստիկաններ, որոնք ծեծի կ՛ենթարկեն, ըստ իրենց, սեռափոխուած մը, ինչ որ որոշ հակազդեցութիւններ ստեղծեց: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը վստահեցնելով հանրութեան, որ հարցը դատական եւ ապահովական համապատասխան կառոյցներուն կողմէ կը հետապնդուի, կ՛ուզէ կատարել հետեւեալ պարզաբանումները. Ա.- Իրողութիւններ...

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարին Ձեռամբ

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Պարգեւատրուեցաւ Սուրիոյ Մշակոյթի Նախարարին Ձեռամբ

Կիրակի, 8 մարտ 2020-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Դամասկոսի ազգային օփերայի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած «Մշակոյթը կը վերանորոգէ իր յաղթանակը» խորագրեալ փառատօնի բացման հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու պարգեւատրման արարողութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր: Այնուհետեւ, կատարուեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւն` ձեռամբ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Ահմատի: Թարգմանիչներ, դերասաններ, գեղանկարիչներ եւ այլ մեծատաղանդ անձնաւորութիւններ պարգեւատրուեցան Սուրիոյ...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը  Բարձր Մակարդակով Նշեց  Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակը

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Բարձր Մակարդակով Նշեց Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակը

Բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կատարողութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին կիրակի, 8 մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասեան երեկոյ, նուիրուած` Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի քարոզիչ...

Հաղորդագրութիւն

Վարձքդ Կատա՛ր, Սիրելի՛ Ուսուցիչ

«...Խիստ փափուկ պաշտօն մըն է ձերը. դաստիարակելու կոչուած էք սերունդ մը, որ ապագայ ազգն է...». այսպէս արտայայտուած է հայ միտքի մեծ արժէքներէն Կոմիտաս վարդապետ` խօսքը ուղղելով հայ ուսուցիչներուն: Հայ ուսուցիչը սովորական անձ չէ: Անոր պաշտօնը առաքելութիւն է, որ կը պահանջէ նուիրուածութիւն: Համախմբուելով հայկական դպրոցի երդիքին տակ` հայ ուսուցիչը կը մշակէ հայ ազգի ապագան, զայն օժտելով մարդկային վսեմ արժէքներով եւ քրիստոնէական...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնին.  Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա  Եւ Մտաւորական Հաղորդավար Ղասսան Շամի Իրենց  Ականատեսի Վկայութիւնները  Ներկայացուցին «Արցախի Հանրապետութիւնը  Լիբանանցիներու  Վկայութեամբ» Խորագրեալ Զրոյցի Ընթացքին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմնին. Դոկտ. Մոհամետ Նուրէտտին, Դոկտ. Լէյլա Նիքոլա Եւ Մտաւորական Հաղորդավար Ղասսան Շամի Իրենց Ականատեսի Վկայութիւնները Ներկայացուցին «Արցախի Հանրապետութիւնը Լիբանանցիներու Վկայութեամբ» Խորագրեալ Զրոյցի Ընթացքին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 6 մարտ 2020-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի Հանրապետութիւնը` լիբանանցիներու վկայութեամբ» խորագրեալ զրոյց-հաւաքը` ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երեսփոխաններ Շամել Ռուքոզի, Էտի Մաալուֆի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններ Ալեքս Մաթոսեանի եւ Յակոբ...

Ապագայ Լրագրողներու  Վարժողական Ծրագիր (22) .  Արցախի Բանակցային Հոլովոյթն  Ու Հայկական Ռազմավարութիւնը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (22) . Արցախի Բանակցային Հոլովոյթն Ու Հայկական Ռազմավարութիւնը

Լրագրութեան վարժողական ծրագիրը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Ապագայ լրագրողներուն երէկուան հանդիպումը եղաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ: Շ. Գանտահարեան ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց Արցախի բանակցային հոլովոյթն ու բանակցութիւններուն ընթացքին հայկական կողմին որդեգրած ռազմավարութիւնը: Ան բացատրեց ըստ էութեան արցախեան տագնապը եւ Ազրպէյճանի կողմէ մնայուն կերպով ցուցաբերուած թշնամական ու բռնագրաւողի կեցուածքները: Ան շեշտը դրաւ Արցախի...

Ազգային Ազատ Հոսանքի  Երիտասարդական – Ուսանողական  Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ազգային Ազատ Հոսանքի Երիտասարդական – Ուսանողական Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հինգշաբթի, 5 մարտ 2020-ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն պատուիրակութիւն մը այցելեց «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոն, ուր երկու ժամուան տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրի քաղաքական իրավիճակը, ընկերային-տնտեսական տագնապն ու անոր հետեւանքները Լիբանանի ժողովուրդին վրայ, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի տարբեր թղթածրարներու պատրաստման եւ հետապնդման աշխատանքները, յատկապէս դատական վերջին իրադարձութիւնները:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

Երէկ` երեքշաբթի, 3 մարտ 2020-ի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին զրոյցը առաւելաբար կեդրոնացաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան վրայ: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը իր կարգ մը մտահոգութիւնները փոխանցեց դեսպանին:

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի  Շրջանային Վարչութեան.   Տոքթ. Կարապետ  Չպուքճեան Դասախօսեց  «Ի՞նչ Է «Քորոնա» Ժահրը Եւ Ինչպէ՞ս  Կարելի Է Պաշտպանուիլ Անկէ» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. Տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան Դասախօսեց «Ի՞նչ Է «Քորոնա» Ժահրը Եւ Ինչպէ՞ս Կարելի Է Պաշտպանուիլ Անկէ» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան  եւ կազմակերպութեամբ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին երկուշաբթի, 2 մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ ներկայիս համաշխարհային համաճարակի վերածուած «Քորոնա» ժահրին մասին: ՀՕՄ-ի քայլերգին յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեան դասախօսութեան սկիզբը նախ կատարեց ժահրին սահմանումը եւ ըսաւ, որ բուն անունը նոր...

«Սանթա Մարիա» Բուժարանին Մէջ Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ

«Սանթա Մարիա» Բուժարանին Մէջ Մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ

Երեքշաբթի, 3 մարտ 2020-ին, «Սանթա Մարիա» բուժարանի Աննայայի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի: Ս. պատարագը մատուցեց Նարեկ ա. քհնյ. Հէճինեան` մասնակցութեամբ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեանին: Արարողութեան բուժարանին մէջ հաստատուած հայ անհատներու կողքին ներկայ էին նաեւ ենթականերու անմիջական պարագաները, որոնք առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքին ճիգերով այցելեցին կեդրոն: Ս. պատարագին ներկայ էին նաեւ բուժարանին...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Շրջանային Խմբապետութեան Այցելութիւնը` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Շրջանային Խմբապետութեան Այցելութիւնը` Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանին

Երկուշաբթի, 2 մարտ 2020-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդէն եւ Շրջանային խմբապետութենէն պատուիրակութիւն մը շնորհաւորական հանդիպում ունեցան Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան- Գէորգեանին հետ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնալու ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին ու Շրջանային խմբապետութեան աշխատանքներուն: Պատուիրակութեան անունով Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի ատենապետ Ժան Քէչէճեան եւ Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհի Ալիք...

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ  Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Համակարգող Խորհուրդը Կ՛ազդարարէ Համախմբման Աշխատանքներու Վերամեկնարկը

Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը, որ կայացաւ 29 փետրուարէն 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ, յստակացուց լրագրողներու համահայկական յառաջիկայ աշխատանքներու ընդհանուր ուղղութիւնները: Քննարկուեցան թէ՛ տարածաշրջանային, եւ թէ համընդհանուր մակարդակներով մասնագիտական բովանդակութեամբ խորհրդաժողովներ, աշխատանոցներ եւ համաժողովներ կազմակերպելու կարելիութիւնները: Համակարգող խորհուրդի քննարկումներու օրակարգին մէջ ներառուած էին Անթիլիասի մէջ անցեալ տարի տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական համաժողովին արդիւնքները, համաժողովին ընթացքին հնչած առաջարկները, ինչպէս նաեւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լրագրողներու  Համահայկական Ֆորումը Համակարգող Խորհուրդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լրագրողներու Համահայկական Ֆորումը Համակարգող Խորհուրդը

Երէկ` կիրակի, 1 մարտ 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լրագրողներու համահայկական ֆորումը համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէին Սաթիկ Սէյրանեան` «168 ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ, Տիգրան Յարութիւնեան` «Նոյեան տապան» լրատու գործակալութեան հիմնադիր եւ տնօրէն, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ, Միքայէլ Հաճեան` լրագրող, հրապարակախօս, հրապարակագիր, քաղաքական վերլուծաբան, Արամ Անանեան` «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն եւ խմբագիր,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սարգիս Արմէնեանը  Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ  «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սարգիս Արմէնեանը Յետ Մահու Կը Պարգեւատրէ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով

29 փետրուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ թաղումը Համազգայինի շքանշանակիր եւ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Արմէնեանին: Թաղման արարողութեան նախագահեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ այս առիթով արտասանած դամբանականին մէջ անդրադարձաւ Սարգիս Արմէնեանի կենսագրականին` լուսարձակի տակ առնելով հայկական եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին մէջ անոր ունեցած նուիրական ներդրումն ու իւրայատուկ դերակատարութիւնը: Ան ըսաւ, որ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն. Ճեմարանը` 90 Տարեկան

3 մարտ 1930-ին հիմնուած Հայ Ճեմարանը կը դառնայ 90 տարեկան: 90 տարիներէ ի վեր, Ճեմարանը կը մնայ իր հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի առաքելութեան հաւատարիմ կրթօճախ` հայ հանրութեան ընծայելով ընդհանուր գիտութիւններու տէր, հայ լեզուի, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ Հայ դատի պահապան յանձնառու երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ: Աշխարհասփիւռ Ճեմարանականները իրենց ներդրումը ունեցած են ու կը շարունակեն ունենալ ազգային հասարակական կեանքին...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ.  24 Դիմումի Ընդառաջում` Մայիս Ամսուան Ընթացքին 25-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 376 Պարագայ

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտին Յատկացումները Կը Շարունակուին 7 Դիմումի Ընդառաջում` Փետրուար Ամսուան Ընթացքին

34-Ամսեայ Հաշուեկշիռ` 493 Պարագայ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հաստատած Ազգային ինքնութեան ամրապնդման ֆոնտը փետրուար ամսուան ընթացքին ընդառաջեց 6 դիմումի, մինչ մայիս 2017-էն մինչեւ յունուար 2020 ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին արժանացան 486 պարագայ: Այսպէս, Հայ ընտանիքի կազմութեան ֆոնտին (պսակադրութեան) դիմում չէ կատարուած: Հայ մանուկի ֆոնտին (մկրտութեան) դիմում կատարեցին 6 պարագաներ, որոնք արժանացան ֆոնտէն օգտուելու իրաւունքին: Ընտանիքի բազմացման ֆոնտէն (3-րդ երեխայ եւ...

Page 172 of 365 1 … 171 172 173 … 365

Արխիւներ