Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Թիւ 5

March 24, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութիւնը,  ընկերակցութեամբ երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, այցելեց առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի: Շտապը նախարարին ներկայացուց իր գործունէութեան ծրագիրը եւ աշխատանքային ոլորտները, յատկապէս Պուրճ Համուտի, Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ բարեսիրական միութիւններու եւ կեդրոններու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Այս իմաստով Շտապը անհրաժեշտ նկատեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը կարեւորութեամբ նկատի ունենայ հայահոծ շրջաններու դիմագրաւած պարագաները եւ անհրաժեշտ տնօրինումները կատարէ: Նաեւ օգտակար նկատուեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան տարբեր բաժանմունքներուն հետ արագ կապի հաստատումը` ներկայ փուլին առաւելագոյն չափով հասնելու լաւագոյն լուծումներուն:

Նախարարը տեղւոյն վրայ համապատասխան ցուցմունքները կատարելով խոստացաւ կարելիութիւններու առաւելագոյն չափով հետամուտ ըլլալ ներկայացուած հարցերու լուծման: Միաժամանակ, ան գնահատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը կը միտի նախարարութեան վրայէն որոշ բեռներ թեթեւցնել եւ լաւագոյն փաստը տալ հանրային կառոյցներու դրական գործունէութեան, ինչ կը վերաբերի պետութեան հետ իրենց յարաբերութիւններուն:

***

«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը այցելեց «Թէքէեան» կեդրոն հանդիպում մը ունենալու համար  Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակի պատասխանտուներուն հետ: Շտապի անդամները զեկուցեցին տագնապի յաղթահարման եւ  այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնները կազմակերպելու աշխատանքային ծրագիրին մասին, որ կը դրսեւորուի նշեալ շտապի կազմութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին ներկաները անդրադարձան շտապի աշխատանքներուն կազմակերպման եւ լիբանանահայութեան գործնապէս օգնելու ծրագիրի ոչ հատուածական բնոյթին, որ կ’առաջադրէ հասնիլ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ անհրաժեշտ օժանդակութեան կարիք ունի:

ՌԱԿ-ի պատասխանատուները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով բարձր գնահատեցին կատարուած համալիբանանահայ համադրումի  նախաձեռնութիւնը`  սերտ գործակցութեան ձեռք մեկնելով նորակազմ շտապին:

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն Թիւ 6

RelatedPosts

Խմբագրական.  Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Թարգմանչացը Եւ Պետութիւն-Եկեղեցի Մէկութիւնը

October 10, 2026
Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.