Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան Միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆի (1937-2020) վախճանումը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2020-ի երեկոյեան։
Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 20 Մարտ 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, եւ ապա, սրբազան հօր մարմինը պիտի ամփոփուի Մայրավանքի միաբանական դամբարանին մէջ։
Աւազանի անունով Փանոս։ Ծնած է Հալէպ (Սուրիա) 1937-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կրթասիրաց Ազգային Վարժարանին մէջ, եւ ապա 1961-ին՝ ընդունուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը։ 1963-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ եւ 1965-ին՝ աբեղայ, վերակոչուելով Տ. Տիրայր։ 1967-ին ստացած է Վարդապետական աստիճան, որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով «Համառօտ Պատմութիւն Հայ-Լատինական Յարաբերութեանց Սկիզբէն Մինչեւ 1382 Թուական», որ ապա հրատարակուած է։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Անգլիոյ մէջ, 1968-70, եւ ստացած է Leader of Christian Education վկայագիրը։ 1995-ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 1997-ին, իսկ արքութեան տիտղոս՝ 2010-ին։
1965-72 վարած է Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի լուսարարապետի պաշտօնը։
1972-79 ծառայած է Ատրպատականի թեմէն ներս իբրեւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ։
Վարած է ուսուցչական պաշտօն Դպրեվանքէն եւ զանազան վարժարաններէ ներս։ 1966-72 վարած է Հայ Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարաններու վարիչ տնօրէնի պաշտօնը եւ հինգ տարի հրատարակած է «Դրազարկ» տարեգիրքը։ Մայրավանքին մէջ զանազան պաշտօններու կողքին ստանձնած է մատենադարանապետի պաշտօնը 1984-97, եւ նոյն պաշտօնը վերստանձնած՝ 2005-2019։ 1998-ին վարած է Կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչի, իսկ 1999-2000՝ «Թռչնոց Բոյն»ի տեսչութեան պաշտօնները։
Հանգուցեալ սրբազանը եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ, նուիրեալ եւ աշխատունակ միաբաններէն մէկը։ Գիրն ու գրականութիւնը, յատկապէս գեղանկարչութիւնը մնայուն ներկայութիւն դարձած են իր կեանքին մէջ։