Մինչեւ Ապրիլ Ամսուան Աւարտը Եկեղեցիներուն Մէջ Արարողութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Առանց Հաւատացեալներու Ներկայութեան
Ինչպէս ծանօթ է, երկու վեհափառ հայրապետներուն տնօրինումով որոշուած էր եկեղեցիներուն մէջ եկեղեցական արարողութիւնները կատարել դռնփակ, մինչեւ Աւագ հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2020: Նկատի ունենալով, որ համաճարակը նոյն թափով կը շարունակուի, եւ շատ մը երկիրներ մինչեւ ապրիլ ամսուան աւարտը աւելի խիստ միջոցներու դիմած են, վեհափառ հայրապետները ներկայ կացութեան լոյսին տակ որոշեցին երկարաձգել եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններու դռնփակ կատարումը` մեկնելով հայ ժողովուրդի զաւակներուն ապահովութեան...

















