Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Հոգեւորականներուն Ազնիւ Ուշադրութեան

March 21, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կ’ապրինք անբնական պայմաններու մէջ: Ներկայ տագնապին ստեղծած անորոշութիւնը, վախը եւ անձկութիւնը դարձած են ամէնօրեայ մտահոգութիւն` մեր անձնական, ընտանեկան, համայնքային ու ազգային կեանքին մէջ: Միշտ կ’աղօթեմ, որ Աստուած հեռացնէ այս չարիքը աշխարհէն, հիւանդներուն բժշկութիւն պարգեւէ եւ մեր զաւակները պահէ անվտանգ:

Այս դժուար պայմաններուն մէջ յատկապէս, եկեղեցին պէտք է իր ժողովուրդին հետ ըլլայ: Եկեղեցին որպէս ծառայութիւն, առաքելութիւն եւ երկնային արժէքներու աղբիւր, հարկ է տանիլ մեր ժողովուրդին: Արդ, հայրաբար կը թելադրենք մեր հոգեւորականներուն.-

– Աղօթեցէք, մի՛շտ աղօթեցէք համայն մարդկութեան եւ մեր ժողովուրդին համար, միաժամանակ մեր ժողովուրդին կոչ ուղղեցէք աղօթելու հաւատքով ու յոյսով:

– Ընկերային ցանցերու ճամբով միշտ կապի մէջ եղէք ձեր թեմի ու ծուխի ժողովուրդի զաւակներուն հետ` մօտէն հետեւելով անոնց մտահոգութիւններուն, բաժնելով անոնց ցաւը եւ յոյս ներշնչելով անոնց:

– Յորդորեցէք մեր զաւակները, որ իրարու օգնեն` իրարու համար աղօթելով, եւ անհրաժեշտութեան պարագային ընկերային ու նիւթական աջակցութիւն ընծայելով:

–  Յիշեցուցէք մեր ծնողներուն, որ իրենց ընտանեկան յարկին տակ յատուկ ուշադրութիւն ընծայեն իրենց զաւակներուն հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութեան:

– Գոհունակութեամբ կ’ուզեմ հաստատել, որ համարեա բոլոր մեր եկեղեցիները, սկսած են իրենց թեմերու ու ծուխերու ժողովուրդը հաղորդ դարձնել մեր եկեղեցական արարողութիւններուն` ընկերային ցանցերու ճամբով: Շարունակեցէ՛ք այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը:

– Անհրաժեշտ է, որ զանազան շրջաններու մէջ հաստատուած մեր զաւակները կանոնաւոր կերպով հետեւին տուեալ երկրի պետական կառոյցներուն կողմէ կատարուած թելադրութիւններուն եւ ցուցմունքներուն:

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ,

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

20 մարտ 2020
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Պսակաձեւ Ժահրը՝ Համաշխարհային Համաճարակ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.