Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

March 7, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի աւանդութեան համաձայն, դպրեվանեցիներ Մեծ պահքի առաջին օրը կը կատարեն մեր Եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւնները եւ կը մասնակցին ամբողջ օրուան վրայ տարածուած հոգեւոր խորհրդածութիւններու:

Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2026 տարին հռչակեց «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի», այս տարուան հոգեւոր մտամփոփման օրը կայացաւ մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, երկուշաբթի, 16 փետրուար 2026-ին միաբան հայրեր, դպրեվանքի սաներն ու ուսուցիչները միասնաբար մասնակցեցան եկեղեցական ժամերգութիւններու եւ հետեւեցան հոգեւոր բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու, որոնց աւարտին տեղի ունեցան նաեւ խորհրդածական հանդիպումներ:

Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Հոգեւոր Մտամփոփման Օր` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Այս առիթով դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր ծ. վրդ. Շէրնէզեան ներկայացուց «Խորհրդածութիւններ` հոգեւոր կեանքի վերանորոգումէն բխած» նիւթը, իսկ դպրեվանքի հոգեբանութեան դասախօս դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավէրտեան` «Աղօթքը, հոգեմտային առողջութիւնը եւ հոգեւոր վերանորոգումը» նիւթը: Քննարկումները ընթացան կաթողիկոսին 2026 տարուան հայրապետական հռչակագիրին մէջ արծարծուած միտքերուն ու գաղափարներուն եւ կատարուած թելադրութիւններուն ու յիշեցումներուն հիման վրայ:

Հոգեւոր դասախօսութեանց աւարտին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը: Ան ընդգծեց մեր ազգային, եկեղեցական թէ անհատական կեանքին մէջ հոգեւորապէս նորոգուելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ, որ կ՛ապրինք այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր գրեթէ ոտնահարուած են` համակարգեր, սրբութիւններ եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներ: Մեզի պարտադրուած պայմաններուն մէջ մենք պարտաւոր ենք պահելու ու պահպանելու մեր ազգային, ընտանեկան, եկեղեցական, մշակութային, բարոյական, մարդկային արժէքները: Այսօր մեզ շրջապատած են այնպիսի «արժէքներ», որոնք մոլորեցուցիչ են եւ յաճախ` խաբուսիկ: Հետեւաբար զգուշ պէտք է ըլլալ աշխարհէն եկող ամէն տեսակ փորձութենէ եւ կեղծ արժէքներէ, յայտնեց կաթողիկոսը: Իր խօսքի աւարտին ան դարձեալ շեշտեց կարեւորութիւնը հոգեւոր կեանքի վերանորոգման անհրաժեշտութեան եւ կոչ ուղղեց մեր ազգի զաւակներուն` հետամուտ ու բծախնդիր ըլլալու իրենց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ` իրենց անձերուն հոգեւոր կեանքի դաստիարակութեան ու կերտման:

Հոգեւոր մտամփոփման օրը իր աւարտին հասաւ խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւններու կատարումով:

 

 

Նախորդը

Գրողը… Հատորն Ու Ընթերցողը

Յաջորդը

Դպրեվանեան Ոգին` Վեհափառին Շունչով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.