Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրհնութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն, բարերարութեամբ Պէզիքեան ընտանիքին, ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով Հայաստանի «Կամերային պետական նուագախումբ»-ի համերգը, նուիրուած` Անի Պէզիքեանի յիշատակին:
Համերգին ներկայ էին հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ մեծաթիւ արուեստասէրներ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Միրա Եարտըմեան, որ նշեց, թէ յիշողութիւնն ու յոյսը, ժառանգութիւնն ու նորարարութիւնը միաւորող այս համերգը արտայայտութիւնն են մեր մշակութային եւ հոգեւոր միակամութեան: Ան աւելցուց, որ այս համերգը նուիրուած է Անի Պէզիքեանին, որ կը յիշատակուի ո՛չ թէ լռութեան մէջ, այլ` երաժշտութեան ճամբով, ոչ թէ ստուերի մէջ, այլ` փայլքով: Այս առիթով Համազգայինի անունով խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Պէզիքեան ընտանիքին, գլխաւորութեամբ Ալէքքօ Պէզիքեանին, որուն անսասան նուիրուածութեան ու առատաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել տուեալ համերգը:
Եարտըմեան յայտնեց, որ հայ մշակութային ինքնութեան պահպանման կենդանի զարկերակ Համազգայինը կենսական դեր խաղացած է ո՛չ միայն կրթութեան եւ արուեստի միջոցով սերունդները դաստիարակելու, այլ նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ արդիւնաւէտ կամուրջներ կառուցելու գործին մէջ: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի «Ազգային կամերային նուագախումբ»-ը Հայաստանի ամէնէն գործունեայ, յարգուած եւ միջազգային ճանաչում ստացած երաժշտական անսամպլներէն մէկն է, որ տարեկան աւելի քան 35 համերգ կու տայ իր տան` Կոմիտասի անուան համերգասրահին մէջ, եւ այսօր 27 տարուան դադարէ ետք խումբին Լիբանան ներկայութիւնը ունի իր էական նշանակութիւնը եւ արժէքը:
Յայտնենք, որ Հայաստանի «Կամերային պետական նուագախումբ»-ի նշեալ ելոյթի խմբավարն է Սիփան Օլահ, մենակատար` սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, ինչպէս նաեւ դաշնակահար Մարիա Փալազեան:
Լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի խմբավարն է, միջազգային բեմերու վրայ ելոյթներ ունեցած լիբանանահայ դաշնակահար Մարիա Փալազեանը Անգլիայէն յատուկ հրաւէրով վերադարձած է իր ծննդավայրը, իսկ միջազգային մրցանակի արժանացած թենոր եւ դաշնակահար մայեսթրօ Սիփան Օլահն հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Լոնտոնի Քլինճըն պալատի նուագախումբին եւ երգչախումբին:
Խումբը բարձրորակ կատարումով շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուց Միրզոյեանի, Սարեանի, Ամիրխանեանի, Տիգրանեանի, Խաչատուրեանի, Պապաճանեանի, Պետրոսեանի, Ազնաւուրի եւ միջազգային հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն` արժանանալով մեծաթիւ հանրութեան գնահատանքին: Համերգը փակուեցաւ Յովհաննիսեանի «Երեւան-Էրէբունի» երգով` Շողիկ Թորոսեանի եւ Սիփան Օլահի միացեալ կատարումով:
Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ծառացող այս եզակի համերգը խորհրդանիշ էր միակամութեան, որ արտացոլաց հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու միացեալ կատարումներով:
Այցելութիւն` Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ի առաւօտուն, «Կամերային պետական նուագախումբ»-ը, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ելոյթի կազմակերպիչ մարմինին, այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին հետ եւ ստացաւ անոր հայրապետական օրհնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նուագախումբի պատասխանատուներն ու անդամները եւ շեշտեց մեր մշակութային արժէքները ամուր պահելու, զանոնք առաւել հարստացնելու ու տարածելու կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այս առաքելութեան լծուած են մեր մշակութային բոլոր կառոյցները` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: Այս առումով, անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները գործնապէս զօրավիգ կանգնին մշակութային առաքելութեան առաւել կենսաւորման ու տարածման միտող մեր բոլոր մարմիններու գործունէութեանց, շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս` նուագախումբին յաջողութիւն մաղթելով:
Նշեալ հանդիպումին յաջորդաբար խօսք արտասանեցին նուագախումբի խմբավարն ու պատասխանատուն: Ապա, նուագախումբը առիթը ունեցաւ շրջելու մայրավանքի շրջափակը եւ մօտէն ծանօթանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր ծառայական առաքելութեան: Յիշեալ հանդիպումին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր ազգային բարերար Ալէքքօ Պէզիքեանը:











