Ազգային վարչութիւնը, նկատի ունենալով երկրի ներկայ իրավիճակը, կոչ կ՛ուղղէ համայնքի բոլոր հայորդիներուն, յարատեւ հետեւելու պետական թելադրանքներուն՝ պահպանելու համար անվտանգութիւնը։
Անհրաժեշտութեան պարագային, Ազգային վարչութիւնը իր կարգին պիտի փոխանցէ համապատասխան ցուցմունքներ։
Միասնական զգօնութիւնը եւ պատասխանատու վերաբերմունքը կը կանխեն վտանգները։
ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


