Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակարգ Առցանց Նիստ

March 6, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ը, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, առցանց արտակարգ նիստ գումարեց հինգշաբթի, 5 մարտ 2026-ի երեկոյեան` միակ օրակարգ ունենալով Միջին Արեւելքի պատերազմն ու անոր հետեւանքները:

Վեհափառ հայրապետը պարզեց Իրանի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Սուրիոյ մեր թեմերու հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մասին: Ան կեդրոնացաւ յատկապէս Իրանի երեք թեմական շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ Լիբանանի պայթունավտանգ կացութեան վրայ:

Զինուորական եւ քաղաքական ուղղութիւններով հարթակի վերլուծաբանները ներկայացնելէ ետք այս լայնածաւալ բռնկումներուն շարժառիթները, նպատակներն ու ստացած աննախընթաց տարողութիւնը, կեդրոնացան արմատական փոփոխութիւններուն ունենալիք հետեւանքներուն վրայ` հայկական կողմին: Նախիջեւանի ուղղութեամբ արձակուած հրթիռին հանգամանքներուն պարզաբանումը, քրտական գործօնի շահագործումը եւ այս բոլորին մէջ թրքական նկրտումները  քննարկումներուն ամէնէն առանցքային բաժիններն էին: Այս բոլորին մէջ Պաքուի կողմէ առիթը օգտագործելու եւ Հայաստանի նկատմամբ քայլեր առնելու հաւանականութիւնները եւս փորձագիտական քննարկումներուն մաս կը կազմէին:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատեց համաշխարհային մակարդակի վրայ արձանագրուող այս պատերազմներուն տարբեր ծալքերուն հետեւելու եւ զանոնք առարկայականօրէն գնահատելու «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի անդամներուն վերլուծումներուն վերահասու դառնալը: Նիստը արձանագրեց, որ պատերազմական գօտիներու մէջ կը գործեն Միջին Արեւելքի մեր թեմերը` Իրանի երեք թեմերը, ինչպէս նաեւ` Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ծոցի, Լիբանանի ու Սուրիոյ, եւ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաղորդագրութեամբ հրապարակուած Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրանքն ու յորդորը պատերազմական գօտիներու մէջ յայտնուած թեմերու պատասխանատուներուն` առաւելագոյն չափով հեռու պահելու մեր համայնքները վտանգալից պայմաններէ եւ մօտէն հետեւելու անոնց կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն:

Բացառապէս վերոյիշեալ օրակարգով հարթակը պիտի շարունակէ գումարել առցանց նիստեր` միջինարեւելեան երկիրներու մեր թեմերուն եւ ժողովուրդին կացութեան հետեւելու եւ ստեղծուած ճգնաժամին մեր ժողովուրդին վրայ ունեցած հետեւանքները յաղթահարելու ուղիներ որոնելու համար:

 

 

Նախորդը

Հ.Յ.Դ. 135-Ամեակի Շքեղ Նշումներ Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ

Յաջորդը

«Ալեֆ»` Առաջին Թռչող Ինքնաշարժը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.