Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջկուսակցական Հանդիպումը Քննարկեց Պատերազմական Կացութեան Վերջին Իրադարձութիւնները

March 10, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Միջկուսակցական ժողովը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն.

«Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները երկուշաբթի, 9 մարտ 2026-ի երեկոյեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեցին ժողով մը։

Նորագոյն իրադարձութիւնները քննարկելէ ետք, ժողովականները դատապարտեցին միջազգային հանրութեան կեցուածքը Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ գործադրուող ահաւոր ոճիրներուն նկատմամբ։ Անոնք նաեւ քննադատեցին այդ հանրութեան՝ Լիբանանի պետութիւնը եւ ժողովուրդը առանձին ձգելը՝ պատերազմի իսրայէլեան ցեղապաշտական մեքենային դէմ, որ կը քանդէ քարը եւ կը սպաննէ մարդիկը։

Ժողովականները խորազգած ցաւակցութիւն յայտնեցին յարձակումներու զոհերու հարազատներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն։

ժողովականները ծանօթացան այն միջոցառումներուն, որոնք կ­´որդեգրուին իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն կողմէ՝ տեղահանուածներուն կարիքները հոգալու համար։ Անոնք կոչ ուղղեցին հայկական բարեսիրական միութիւններուն ներկայ պայմաններուն մէջ իրենց ճիգերը միաւորելու եւ ծրագրելու շարք մը նախազգուշական միջոցառումներ՝ ճգնաժամի սրութիւնը մեղմացնելու միտումով։

Ժողովականները քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ հեղինակութիւններուն յորդորեցին ներկայ պայմաններուն մէջ հանդարտեցնելու եւ նուազեցնելու ներքին կեանքին մէջ բանավէճերու սրութիւնը՝ խուսափելու բազմաթիւ հետեւանքներէ, որոնք կը բարդացնեն աղէտը, որուն պատճառ դարձաւ Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը։

Միջկուսակցական ժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այն ճիգերուն, զորս ի գործ կը դնէ պաշտօնական Լիբանանը քաղաքական եւ դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ՝ դադրեցնելու համար Լիբանանի հողին, ժողովուրդին եւ գերիշխանութեան դէմ հետզհետէ աւելի սաստկացող յարձակողապաշտութիւնը։

Աստուած պահէ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը»։

 

Նախորդը

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի Նոր Գերագոյն Հոգեւոր Պետ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (10 Մարտ 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.