Գաղութային

ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Նշանակուեցան  Տնտեսական-Ընկերային-Կենսոլորտային  Խորհուրդի Անդամներ

ՀՅԴ-ի Թեկնածուները Նշանակուեցան Տնտեսական-Ընկերային-Կենսոլորտային Խորհուրդի Անդամներ

Լիբանանի կառավարութիւնը 5 մարտ 2026-ին վարչապետարանին մէջ իր գումարած ժողովին նշանակեց Տնտեսական-ընկերային-կենսոլորտային խորհուրդի անդամները, որոնցմէ երկուքը` ՀՅԴ-ի թեկնածուներ Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան եւ դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան: Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան 1997-ին աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը` ճարտարագիտական հոգեբանութիւն-մարդկային պաշարներու կառավարում մասնագիտութեամբ, մագիստրոսի աստիճանով: 2001-ին կը ստանայ IRCA Lead Auditor for ISO 9001 վկայականը QMI-SAI Canada Limited-էն: Ակադեմական իր փորձառութեան ծիրին մէջ, ան Սեն Ժոզեֆ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

Լեռնալիբանանի Սովին Վերաբերող Ուսումնասիրական Նոր Գիրքի Շուրջ Զրոյց-Հանդիպում

Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 26 մարտի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԿՄ-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Նարկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի եւ դոկտ. Անտրէ Նասսարի Լեռնալիբանանի սովին, (1914-1918) վերաբերող վերջին աշխատասիրութեան շուրջ զրոյց-հանդիպում մը` ներկայութեամբ լիբանանցի պատմաբաններու եւ ակադեմականներու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի...

Այնճարէն Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական  Այցելութիւն Տուաւ Մաժտալ Այնճարի «Ազհար» Համալիր

Այնճարէն Պատուիրակութիւն Մը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Մաժտալ Այնճարի «Ազհար» Համալիր

Երկուշաբթի , 23 մարտ 2026-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այնճարէն պատուիրակութիւն մը Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Զահլէի եւ Պեքայի միւֆթի դոկտ. Շէյխ Ալի Ղազզաուիի, Մաժտալ-Այնճարի «Ազհար» համալիրի իր նստավայրին մէջ: Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանէ, փոխքաղաքապետ Շահան Փանոսեանէ, գիւղի երեք համայնքներու հոգեւոր հովիւներէ, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յարութ Զէյթլեանէ, կոմիտէի կազմի կարգ մը ընկերներէ եւ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Երեք Համայնքապետներուն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Երեք Համայնքապետներուն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ հանդիպումէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը նախորդ շաբթուան ընթացքին այցելութիւններ տուաւ Լիբանանի երեք համայնքապետներուն: Վարչականները այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին, Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին եւ հայ կաթողիկէ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին: Հանդիպումները առիթ եղան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելու...

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, 15 մարտին նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին սրբազանը ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք նշելու 4-րդ դարու սկիզբը Սեբաստիոյ մէջ նահատակուած 40 վկաներուն յիշատակը: Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց 313 թուականի ժամանակաշրջանին, երբ հռոմէական բանակին մէջ կը...

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միջ-Կուսակցական Խորհրդակցութիւններ

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին Նախագահութեամբ Միջ-Կուսակցական Խորհրդակցութիւններ

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան Մայրավանքի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։ Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին կուսակցութիւններուն համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Վանիկ Տաքէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Ալպէր Պալապանեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն՝ տոքթ․ Աւետիս...

Անթիլիասի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ  Մեծաշուք Հանդիսութեամբ

Անթիլիասի Ուխտի Օրը Նշուեցաւ Մեծաշուք Հանդիսութեամբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը իր Սուրբ Խորանի վարագոյրը բացաւ Գալստեան կիրակիին, 22 մարտ 2026-ի առաւօտուն` նշելով հայրապետարանի Ուխտի օրը: Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ Սուրբ աթոռի գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, մայրավանքին մէջ սուրբ պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Պատարագիչ սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի կողմէ...

«Ազդակ»-ի 85-րդ Լսարան.  Բովանդակալից Դասախօսութիւն Խազագրութեան Մասին` Երաժշտագէտ Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեանի Կողմէ

«Ազդակ»-ի 85-րդ Լսարան. Բովանդակալից Դասախօսութիւն Խազագրութեան Մասին` Երաժշտագէտ Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեանի Կողմէ

«Ազդակ»-ի 85-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 մարտ 2026-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսն էր Փրակայի Կարոլեան համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան, նիւթ ունենալով`  «Նախնիք եւ խազերը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նիւթը սկսաւ երաժշտութեան մասին հայ երաժշտագիտութեան մէջ ամէնէն հեղինակաւոր անուններէն Եղիա Տնտեսեանի բնութագրումները ներկայացնելով: Ապա, խազերու օգտագործման պատճառականութեան ծալքերուն մասին...

Բագրատունի. «Յուսալից Կը Մնանք Հայրենիքին  Նկատմամբ Մեր Միասնական Կառչածութեամբ»

Բագրատունի. «Յուսալից Կը Մնանք Հայրենիքին Նկատմամբ Մեր Միասնական Կառչածութեամբ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ Ֆիթրի տօնին առիթով ընկերային ցանցերու վրայ կատարեց շնորհաւորական հետեւեալ գրառումը: «Օրհնեալ Ֆիթրի տօն բոլոր լիբանանցիներուն` մեր երկրին եւ շրջանին անցած դժուարին պայմաններուն մէջ: Յուսալից կը մնանք ձեր կորովով եւ գոյատեւման կամքով, ինչպէս նաեւ մեր հայրենիքին նկատմամբ կառչածութեամբ: Թող այս տօնը Լիբանանին բերէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն»:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Բոլոր Լիբանանցիներուն Միջեւ Համերաշխութեան  Եւ Զօրակցութեան Ոգին Ամրապնդելու Առիթ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Բոլոր Լիբանանցիներուն Միջեւ Համերաշխութեան Եւ Զօրակցութեան Ոգին Ամրապնդելու Առիթ»

Երէկ Ֆիթրի տօնին առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերային ցանցերու իր հարթակներուն ընդմէջէն յղեց հետեւեալ շնորհաւորական խօսքը: «Ֆիթրի տօնին առիթով ՀՅԴ-ն ընդհանրապէս լիբանանցիները եւ մասնաւորաբար իսլամները կը շնորհաւորէ` Աստուծմէ հայցելով` որ մեր հայրենիք Լիբանանին պարգեւէ ամենայն բարիք, խաղաղութիւն եւ միասնակամութիւն»: Լիբանանի անցած դժուարին պայմաններուն եւ պատերազմին պատճառած ցաւերուն ու մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ, ՀՅԴ-ն կը վերահաստատէ իր համերաշխութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն հետ`...

Հարաւային Քորէայի Դեսպանը  Այցելեց Այնճարի Քաղաքապետարան

Հարաւային Քորէայի Դեսպանը Այցելեց Այնճարի Քաղաքապետարան

Չորեքշաբթի, 18 մարտի կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այնճարի քաղաքապետարան այցելեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Կիւսոք Ճիոն: Անոր կ՛ընկերակցէին փոխդեսպան Քիոն Նոհ, դեսպանատան Պեքայի ներկայացուցիչ Ճիոնկ Պիոնկհուն եւ դեսպանատան պաշտօնեայ` Ժաքլին Քարամ: Հիւրերը ընդունուեցան քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի, փոխքաղաքապետ Շահան Փանոսեանի եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Վիգէն Քէշիշեանի եւ Գալէ Տէր Գալուստեանի կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող...

Պալապանեան. «Թիրախաւորուող Շրջաններուն Մէջ  Հայութեան Թիւը Համեմատաբար Նուազ Է»

Պալապանեան. «Թիրախաւորուող Շրջաններուն Մէջ Հայութեան Թիւը Համեմատաբար Նուազ Է»

«Հիմա հայաբնակ շրջանները համեմատաբար աւելի հանդարտ են, անշուշտ կան այն շրջանները, որոնք շարունակ կը ռմբակոծուին պատերազմի սկիզբէն ի վեր, այնպէս չէ, որ հոն բնաւ հայութիւն չկայ, բայց եթէ բաղդատական պիտի ընենք բնակչութեան խտութեան իմաստով, այդ շրջաններուն մէջ աւելի նուազ թիւով հայեր կան», յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ հայրենի «Հ1» հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Լուրեր» յայտագիրի հարցումներուն պատասխանելով:...

Յակոբ Բագրատունի. «Մեզի Համար Հիմնականը  Մեր Ժողովուրդի Կամքը Ամուր Պահելն Է  Եւ Լիբանանեան Մեր Հայրենիքին Կառչիլը»

Յակոբ Բագրատունի. «Մեզի Համար Հիմնականը Մեր Ժողովուրդի Կամքը Ամուր Պահելն Է Եւ Լիբանանեան Մեր Հայրենիքին Կառչիլը»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ հեռավար հարցազրոյց ունեցաւ Աւստրալիոյ «Արմինիըն  Միտիա» կայանի հաղորդավար Նորա Սեւակեանի հետ: Հարցազրոյցը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու դրութեան վրայ` արձանագրուող ապահովական ու զինուորական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ: Անդրադառնալով Լիբանանի ու յատկապէս լիբանանահայութեան ներկայ դրութեան` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Իսրայէլ ոչինչ կը խնայէ ու...

Նահատակ Ընկեր Զաւէն Թաշճեանի 40-րդ Տարելիցի Նշում

Նահատակ Ընկեր Զաւէն Թաշճեանի 40-րդ Տարելիցի Նշում

Կիրակի, 15 մարտ 2026-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի զոհ եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ  Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-րդ տարելիցին առիթով: Ապա ժողովուրդը ուղղուեցաւ «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Զաւէն Թաշճեան» սրահ, ուր կատարուեցաւ յիշատակի հաւաք: ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ Յակոբ Այնթապլեան, որ նախ անդրադառնալէ ետք ընկեր Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-րդ տարելիցին...

Պատուիրակութիւններ Շարունակեցին  Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան  Իրենց Այցելութիւնը

Պատուիրակութիւններ Շարունակեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան Իրենց Այցելութիւնը

Ապահովական նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեցին նոր պատուիրակութիւններ` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու քաղաքապետարանին: Այս ծիրին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին կուսակցութեան փոխնախագահ Ղասսան Խուրի, նախկին երեսփոխան Էտի Մաալուֆ եւ շրջանին մէջ նշեալ կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ...

Պուրճ Համուտի Ծայրամասին Շէնքի Մը  Թիրախաւորման Լոյսին Տակ.  Քաղաքական Եւ Կուսակցական Պատուիրակութիւններ  Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Պուրճ Համուտի Ծայրամասին Շէնքի Մը Թիրախաւորման Լոյսին Տակ. Քաղաքական Եւ Կուսակցական Պատուիրակութիւններ Այցելեցին Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան այցելեցին քաղաքական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ ընդգրկող պատուիրակութիւններ` իրենց զօրակցութիւնն ու օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելու Պուրճ Համուտի ծայրամասին` Նապաայի մէջ իսրայէլեան հրթիռային յարձակման առիթով: Արդարեւ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան երէկ` ուրբաթ, 13 մարտ 2026-ին, քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր երեսփոխան Ռազի Հաժ եւ Պուրճ Համուտի ու Հիւսիսային Մեթնի կուսակցական պատասխանատուներ:...

Կաթողիկոսարանը Մնայուն Կապի Մէջ Է  Միջին Արեւելքի Այլ Համայնքներու  Կարգին Իրանի Հայութեան Հետ

Կաթողիկոսարանը Մնայուն Կապի Մէջ Է Միջին Արեւելքի Այլ Համայնքներու Կարգին Իրանի Հայութեան Հետ

Երէկ եւս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակելով իր կապերը Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուած մեր համայնքներուն հետ, հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանի հետ: Յիշեալ շրջաններուն մէջ ընդհանուր անապահովութիւնն ու անորոշութիւնը կը շարունակուի: Վեհափառ հայրապետը նաեւ հեռաձայնային կապեր ստացաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ...

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

Բագրատունի Ընդունեց Հայաստանի Դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Սարմեն Պաղտասարեանը: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի եւ տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններն ու զարգացումները եւ իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնն ու հաւանական հետեւանքները: Արծարծուեցաւ նաեւ շրջանային ներկայ դրութեան անդրադարձը կովկասեան ճակատի եւ յատկապէս Հայաստանի վրայ: Բագրատունի դեսպան Պաղտասարեանին ներկայացուց...

Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ` IM Project Խումբի Հայկական Մաքուր Երգով  Ու Իւրայատուկ Մեկնաբանութեամբ

Հայ Ազգային Բուժարանի Ի Նպաստ Բարեսիրական Համերգ` IM Project Խումբի Հայկական Մաքուր Երգով Ու Իւրայատուկ Մեկնաբանութեամբ

Կիրակի, 1 մարտին եւ երկուշաբթի, 2 մարտին լիբանանահայ արուեստասէրները առիթը ունեցան վայելելու Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին խնամակալութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Լիբանան ժամանած հայրենի  IM Project խումբի երգիչներուն իւրայատուկ եւ տպաւորիչ համերգները: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին սկիզբը բուժարանի խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Սօսի Փոլատեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց բուժարանը ու բացատրեց բարեսիրական այս նախաձեռնութեան նպատակը` արժանավայել կեցութիւն...

Յարութ, Յասմիկ Եւ Հուրի Սողոմոնեաններ  1.300.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրեն  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Համայնքներու Կացութեան

Այսօր ամբողջ օրը, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կրցաւ կապ հաստատել շրջանի մեր եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ: Անոնցմէ ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, շրջանը հետեւեալ ընդհանուր կացութիւնը կը պարզէ.- - Քաթարի, Քուէյթի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ կը շարունակէ տիրել ընդհանուր անապահովութիւն ու անորոշութիւն: Բնականաբար, յիշեալ երկիրներու ընկերատնտեսական վիճակը նահանջի մէջ է: Հայ համայնքները մարդկային ու նիւթական վնասներու ենթարկուած չեն: -...

Page 16 of 364 1 … 15 16 17 … 364

Արխիւներ