Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին, չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին մէջ 38 մասնակիցներով ընթացք առաւ «Վարիչի դպրոց»` մարդուժի պատրաստութեան եռամսեայ ծրագիրը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ կոմիտէներու, ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի ներկայացուցիչներուն:
Մեկնարկի հաւաքին առաջին խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼՊՄ Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ պատանեկան միութիւններու վարիչները կառոյցին ուսուցիչներն են, որոնք իրենց առաքելութեան ծառայելու համար պէտք է մնայուն վերապատրաստութեան հետեւին եւ քայլ պահեն զարգացումներուն հետ: «Այս դպրոցը մեր պատանեկան միութիւններու գոյութեան հիմնական գրաւականն է», հաստատեց Տեմիրճեան, եւ մաղթեց, որ երեք ամիս ետք կարելի ըլլայ յայտարարել առաջին փուլի աւարտը եւ մտածել նոր ծրագիրի մասին, որովհետեւ վերապատրաստութիւնը պէտք է ըլլայ հետեւողական եւ մնայուն:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեան, որ ըսաւ, թէ «Վարիչի դպրոց»-ը ընթացիկ դպրոց չէ, որովհետեւ մասնակցողները ստանձնած են եւ կամ պիտի ստանձնեն Դաշնակցութեան մէջ ամէնէն կարեւոր ու ոչ երեւելի գործերէն մէկը` պատանիներու կազմաւորման ու նոր սերունդին պատրաստութեան աշխատանքը: Ան ըսաւ, որ ծրագիրը ունի գաղափարական-պատմական, մանկավարժական-մեթոտաբանական եւ հմտութիւններու զարգացման բաժիններ: Սոմունճեան յայտնեց, որ մասնակցողներուն թիւը քաջալերական է, եւ յոյս կը ներշնչէ, թէ մարդուժի պատրաստութեամբ կարելի է յաղթահարել յառաջիկայ փուլի դժուարութիւնները:
«Վարիչ դպրոց»-ի ծրագիրի առաջին դասախօսն էր Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ներկայացուց «Կառոյցներուն եւ միութիւններուն գործերը առաջնորդող մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութիւնը» նիւթը: Ան ներկայացուց մարդուժի պատրաստութեան հիմնական գրաւականները եւ ղեկավարման գլխաւոր յատկանիշները: Վերապատուելին ըսաւ. «Ձեր կեանքի, ձեր խումբի, ձեր կուսակցութեան ապագային հետ կապ ունի այս ծրագիրը. ձեր պատանիներու կազմաւորումը պիտի չորոշուի շէնքերով, դրամով ու ֆոնտերով, մեծ պատկերներով ու մեծ «փի-առ»-ով, մեծ թիւերով, այլ ապագան պիտի որոշուի, երբ երիտասարդներն ու պատանիները կը գիտակցին, որ իրենք ունին պատրաստուածութիւն` ըլլալու վստահուած առաջնորդները, երբ կը գիտակցին ու կը զգան, որ իրենց մէջ ցանուած է պատկանելիութիւնը: Ան ըսաւ, որ` «Համայնքը, կուսակցութիւնը, կազմակերպութիւնը կը կերտուի ո՛չ այն ատեն, երբ հարցնես` որո՞նք իմ կողմէս են, որո՞նք ինծի համամիտ են, որո՞նք զիս կը սիրեն. ատով չէ, որ խումբ կը կերտուի, այլ կը կերտուի երբ մենք կը համուզուինք, թէ մենք` պատասխանատուներս, որքա՛ն պարզ անդամի եւ զինուորի նման մենք զմեզ զինուոր եւ մասնակից կը սեպենք. մենք պէտք է օրինակ դառնանք, որ առաջին զինուորներն ենք. հոս է հիմնական աշխատանքը»: Վեր. Հայտոսթեան շեշտեց, թէ ինչպէս այսօր, յառաջիկային եւս պատրաստ է գործակցելու մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրներուն, որովհետեւ այս տեսակի աշխատանքները առաջնահերթութիւն են, եւ որովհետեւ նիւթը ապագայի հետ կապ ունի:
Աւարտին խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, որ նշեց, թէ այն, ինչ որ մեզի փոխանցած են մեր նախորդ սերունդները, մենք ալ փորձած ենք կարելի միջոցներով փոխանցել, սակայն այսօր պայմանները եւ միջոցները տարբեր են, եւ կարելի չէ ձգել պատահականութեան: Պալապանեան շեշտեց, որ պատրաստուածութիւնը, կատարելագործութիւնը եւ արհեստավարժութիւնը առաջանահերթութիւններ են, եւ այս առնչութեամբ այս ծրագիրը ունի ա՛յն ակնկալութիւնը, որ մասնակիցները ստանալով համապատասխան գիտելիքներ ու փորձառութիւններ` գործնապէս կը մասնակցին պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն: Ան գործակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին եւ Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ին: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ հաւաքականութեան մը շարունակականութիւնը կ՛ենթադրէ դաստիարակութիւն ու կազմաւորման ճիշդ ուղի, եւ «Վարիչի դպրոցը» այդ առաքելութիւնը ունի, յուսալով, որ ծրագիրը յաջողութեամբ իր լրումին կը հասնի:


