Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Զինադուլի Կոչ Կ՛ուղղէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Եւ Իրան Պատերազմին

March 12, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 9 մարտ 2026-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին (ԵՀԽ) նախաձեռնութեամբ եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը` քննարկելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը եւ անոր ծանր հետեւանքները:

Սոյն հանդիպումին մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը եւ անոնց ներկայացուցիչները: Յանուն Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Յայտնենք, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ մասնակցեցան ընդհանուր քարտուղարը, կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Քարլա Խիժոյեանը:

Հանդիպման մասնակիցները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին շարունակուող եւ հետզհետէ ծաւալող պատերազմին գծով, ինչպէս նաեւ իրենց պատկերացումները ներկայացուցին: Վեհափառ հայրապետը չորս կէտերու մէջ ամփոփուած իր տեսակէտը փոխանցեց, ուր կը շեշտուէր անմիջական զինադադար հաստատելու եւ քաղաքական երկխօսութեան ճամբով հարցերը քննելու հրամայականը: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կը շեշտէր միջազգային օրէնքին համաձայն ազգերու ապահովութիւնը, անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Յիշեալ հանդիպումէն ետք, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց պատերազմի կողմերուն զինադուլ հաստատելու:

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Լեւիկ Միքայէլեան Հասաւ Աւարտական` Յաղթելէ Ետք Թուրք Մրցակիցին

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան» Նախաձեռնութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.