Պուրճ Համուտ. Թաղամասերու Մաքրութեան Եւ Ապակիներու Ու Քարակոյտերու Վերացման Աշխատանքը Կը Շարունակուի
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բնակիչներուն, որ ամէնէն արագ միջոցին փշրուած ապակիները եւ քարակոյտերը վար իջեցնեն իրենց տուներէն եւ տանիքներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ձերբազատիլ անոնցմէ: Այս ծիրին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան աշխատանքային բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ շրջանի միութիւններն ու կամաւորները կը շարունակեն իրենց աշխատանքները` թաղամասերու մաքրութեան, ապակիներու եւ քարակոյտերու վերացման գործը:


















