Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսաբանութիւններ` Վնասներու Չափագրումին Եւ Պետական Հատուցումներուն Մասին

August 8, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի բնակիչներուն,

Մայրաքաղաքն ու շրջակայքը ցնցած պայթումը կը հանդիսանայ աղէտ մը, որ պատճառեց ցաւալի մարդկային կորուստներ եւ նիւթական ծանր վնասներ: Բոլորս գիտենք նիւթական ծանր պայմաններն ու դժուարութիւնները, որոնցմէ կը տառապին հայրենիքն ու ժողովուրդը, անհատներ, ընտանիքներ եւ հաստատութիւններ: Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ վնասներու չափագրում պիտի կատարէ` առ ի պատրաստութիւն հատուցումներու կամ նորոգութեան ծախսերուն մասնակցելու: Առ այդ, մեր բնակչութեան ուշադրութեան կը յանձնենք հետեւեալը.-

Ա.- Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդը հաղորդագրութեամբ մը զգուշացուց քաղաքացիները իր անունով ներկայացողներէն` ընդգծելով, որ վնասներու չափագրումը կատարողները իր յանձնախումբերէն եւ լիբանանեան բանակէն կազմուած յստակ խմբակներ են:

Բ.- Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի աշխատանքները հանգրուանային են, եւ սկսած է առաջին փուլը, ուր զինուորական խմբակները վնասներու չափագրում կը կատարեն` ապա թեքնիք եւ երկրաչափական յանձնախումբեր ստուգումներ կը կատարեն, ամբողջացնեու համար իւրաքանչիւրի հատուցումներու թղթածրարը:

Վնասներու չափագրումի հոլովոյթը, ըստ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի յայտարարութեան, հետեւեալն է.-

– Լիբանանեան բանակին հետ կազմուած յանձնախումբեր կը կատարեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն յառաջացած վնասներու չափագրումը:

– Քաղաքացիները պէտք է լուսանկարներով կամ վիտէոներով փաստագրեն այդ վնասները:

– Այդ լուսանկարները, անձնաթուղթի պատճէնը, նաեւ փաստաթուղթերը, որոնք ցոյց կու տան իրենց իրաւունքը վնասուած յարկաբաժինին, ինքնաշարժին, շէնքին, վաճառատան գծով, իբրեւ սեփականատէր, վարձակալ, կամ այլ ձեւով իրաւատէր, ներկայացնել թաղապետին:

– Այս բոլորին մասին թաղապետը կը պատրաստէ հաստատագիր մը, որուն մէջ վիրոյիշեալներուն վրայ կ՛աւելցնէ բնակչութեան մանրամասն հասցէ եւ հեռաձայնի թիւ:

– Թաղապետը այս թղթածրարը կը յանձնէ լիբանանեան բանակի չափագրման յանձնախումբերուն, կամ վնաս կրած անձերը ուղղակիօրէն կը յանձնեն այդ խմբակներուն, երբ իրենց մօտ գան:

– Եթէ կան վնաս կրած անձեր, որոնք կ՛ուզեն հատուցումներէն առաջ կատարել նորոգութիւնները, պէտք է կատարեն վիրոյիշեալը, նաեւ պէտք է կցեն պաշտօնական վաճառագիր (Ֆաքթիւր) եւ ստացագիրներ, ուր յստակօրէն կը յիշուին կատարուած աշխատանքները, նորոգուած իրերն ու գումարները, որպէսզի զանոնք ներկայացնեն յիշեալ խմբակներուն:

Կը խնդրուի քաղաքացիներէն իրազեկ ըլլալ այս հոլովոյթին` պահպանելու համար իրենց իրաւունքները:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 5951-ի, Մահուան Պարագաներունը` 70-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 2042-ի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.