5 օգոստոս թուակիր նամակով մը, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը նամակ յղեց Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյին` նամակին մէջ նշելով Քանատայի հայ համայնքի ակնկալութիւնը Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ Լիբանանի աղէտին առնչուող շտապ օժանդակութեան առնչութեամբ:
Անդրադառնալով Լիբանանի արդէն իսկ տնտեսական տագնապահար կացութեան` նամակին մէջ կը շեշտուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ստեղծուած աղէտին ահաւոր տարողութիւնը:
Նամակին մէջ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը Լիբանանին անմիջական մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու Քանատայի կառավարութեան պատրաստակամութեան գծով շնորհակալութիւն կը յայտնէ վարչապետ Թրուտոյին եւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Ֆիլիփ Շամփայնին: