Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումը, իր աւերիչ հետեւանքներով, ծանր վնասներու ենթարկած է նաեւ հայահոծ շրջանները` խլելով մարդկային կեանքեր ու յառաջացնելով բազմաթիւ վիրաւորներ: Մեծ վնասներ կրած են մեր հայրենակիցներու բնակարանները, վաճառատուները, ազգային, միութենական, կրթական, բարեսիրական ու եկեղեցական կառոյցները:
Ըստ մեր քաղած նորագոյն տեղեկութիւններուն, համայնքի կեդրոնական հաստատութիւնները, կուսակցական, միութենական եւ մամուլի գրասենեակները իրենց ընթացիկ աշխատանքները շարունակելու համար վերանորոգուելու անհրաժեշտութեան տակ կը գտնուին:
Ահաւոր պայթումը եկաւ յաջորդելու Լիբանանի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն ստեղծուած տնտեսական անյաղթահարելի ճգնաժամին, որուն համար ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ գաղութի ազգային ու միութենական մարմինները, պիւտճէական իրենց դժուարութեանց մէջ եւ ներքին հանգանակութեամբ, միասնաբար գոյացուցած էին 10.000 եւրոյի գումար մը, իբրեւ նպաստի խորհրդանշական դոյզն արտայայտութիւն:
Պայթումէն առաւել եւս խորացած տնտեսական ճգնաժամի ներկայ սահմռկեցուցիչ պայմաններուն մէջ, ամէն մէկ հայու մարդկային եւ ազգային անյետաձգելի նուազագոյն պարտքը նկատելով Լիբանանի հայագաղութին օգնելու հրամայականը, որոշեցինք ժողովրդային հանգանակութեան ձեռնարկել եւ սրտագին կոչով մը դիմել մեր հայրենակիցներուն, բոլոր ազգայիններուն, որ սրտաբուխ մասնակցին այս դրամահաւաքին` ստորեւ նշուած դրամատնային հաշիւներու միջոցով:
Εθνική: IBAN GR1801101840000018429600283
Alpha Bank: IBAN GR0201401140114002002005300
Πειραιώς: IBANGR2801720420005042068319229
Կատարուած ամէն նուիրատուութիւն ազնիւ ներդրում եւ նեցուկ պիտի ըլլայ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն համար:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Լիբանանի ողբերգութիւնը մեծ է, որմէ անմասն չէ Լիբանանի մեր գաղութը: Ահա թէ ինչո՛ւ համահայկական զօրաշարժը օրահրաման է:
ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԳԹՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ