Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

August 7, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանահայութեան` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ անոր պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ վնասներուն առնչութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է.

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Պէյրութի եւ համայն Լիբանանի հայ համայնքին` նոյն ժամանակ ցաւակցելով այն ընտանիքներուն, որոնք կորուստներ ունեցան անցնող օրերուն: 4 օգոստոսին պատահած ահաւոր պայթումը մեծապէս ցնցեց Պէյրութ քաղաքը, տեղւոյն հայ համայնքը, ինչպէս նաեւ ամբողջ երկիրը: Պայթումը նաեւ ուժգին անդրադարձ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանին մէջ, ուր կ՛ապրին մեծաթիւ քաղաքացիներ, որոնք Լիբանանի մէջ ապրող հարազատներ ունին:

Շատ սուղ է այս ողբերգութեան պատճառով վիրաւորուած, ընտանիքի անդամ մը կորսնցուցած, իր տան կամ գործատեղիին աւերակ դառնալուն ականատես եղած եւ դեռ քիմիական փոշիներու անտեսանելի հետեւանքները կրելու դատապարտուած իւրաքանչիւր լիբանանցի հայ անհատի վճարած գինը:

Ըստ ստացուած տեղեկագրութիւններուն, համայնքի կեդրոնները եւ հաստատութիւնները կրած են նիւթական վնասներ, յատկապէս «Շաղզոյեան» կեդրոնը Պուրճ Համուտի մէջ, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակներուն կողքին կը գտնուին նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի Միջին Արեւելքի գրասենեակները:

Պայթումէն վնասուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը եւ կրօնական, մշակութային ու կրթական բազմաթիւ այլ հաստատութիւններ:

Պատահած պայթումը կը զուգադիպէր այնպիսի ժամանակի, երբ Լիբանանի մեր համայնքը ամիսներէ ի վեր կը դիմակայէր Լիբանանի տնտեսութեան ֆինանսական աննախընթաց անկումի ահաւոր դժուարութիւնները, զուգահեռ` «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային համաճարակին առթած դժուարութիւններուն:

Այս պայթումին ստեղծած տագնապին առաջին վայրկեաններէն իսկ կապի մէջ ենք Լիբանանի մեր ընկերներուն հետ, որոնց յայտնած ենք մեր անսակարկ աջակցութիւնը` կարելի բոլոր միջոցներով օգնելու եւ օժանդակելու մեր համայնքին եւ վերակառուցելու վնասուած կալուածները: Ինչպէս անցեալի պարագային, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն որեւէ միջոց պիտի չխնայէ իր շարքերը, ուղեկից կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ համայն Ամերիկայի համայնքը զօրաշարժի ենթարկելու` հասնելու համար Լիբանանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն կարիքներուն` իրենց դժուար օրերուն:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ Իրանի Հարաւային Շրջանը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանահայութեան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.