Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Վերականգնի Համազգային Զօրակցութեամբ

Օգոստոս 6, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ  կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:

Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերջին ամիսներուն պսակաձեւ ժահրի ստեղծած ծանր պայմաններուն յաջորդեց տնտեսական տագնապը: Բնականաբար, Լիբանանը կազմող գլխաւոր համայնքներէն հայ համայնքը եւս ենթակայ դարձաւ յիշեալ յաջորդական տագնապներու հետեւանքներուն: Հակառակ դժուար կացութեան, Լիբանանի հայութեան տնտեսական, կրթական, ընկերային եւ այլ մարզերէն ներս, մեր կրօնական ու ազգային կառոյցները իրենց կարելին կատարեցին պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ` օգտակար ըլլալու մեր համայնքի զաւակներուն: Սակայն, երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումը աւելի ծանրացուց Լիբանանին, ինչպէս նաեւ մեր համայնքին դիմագրաւած դժուար պայմանները:

Արդարեւ, անմիջապէս որ լսեցինք պատահած պայթումը, ուղղուեցանք հայկական թաղեր ու ականատես դարձանք պարզուած ողբերգական կացութեան. քանդուած կամ ծանրօրէն վնասուած եկեղեցիներ, համայնքային կեդրոններ, տուներ, խանութներ եւ աւելի ահաւորը` մահեր ու բազմաթիւ վիրաւորներ: Քանդումները Լիբանանի պատմութեան մէջ աննախընթաց էին իրենց տարողութեամբ ու բնոյթով:

Երէկ եւ այսօր հանդիպումներ ունեցանք համայնքային պատասխանատուներու հետ` աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու յառաջացած վնասներուն ու վիրաւորներու առողջական վիճակին: Զօրակցական հեռաձայններ ստացանք մեր պետական, հոգեւոր ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներէ: Արդ, նկատի ունենալով Լիբանանի հայութեան կեդրոնական տեղն ու առանցքային դերը ընդհանրապէս համահայկական ու յատկապէս սփիւռքեան ծիրէն ներս, այս կարեւոր գաղութին վերականգնումը կը նկատենք անյետաձգելի ու հրամայական:

Քանդուած կամ վնասուած տուներուն վերանորոգումը անյետաձգելի է: Պսակաձեւ ժահրի վտանգին ենթակայ մեր համայնքի զաւակներուն առողջութեան օգտակար ըլլալը անհրաժեշտ է: Մեր կրթական կառոյցներուն աջակցութիւնը հրամայական է: Մեր համայնքային, կրօնական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու օժանդակութիւնը կենսական է: Համապարփակ հայեցակէտով հարկ է դիտել համայնքին վերականգնման աշխատանքները:

Այս գծով կարեւորութեամբ կ՛ուզենք շեշտել հետեւեալ կէտերը.

1) Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է կատարուի համազգային ճիգով` մեր հայրենիքին, սփիւռքի գաղութներուն եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործօն մասնակցութեամբ: Տագնապը մեծ է. հետեւաբար, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ համապատասխան, կազմակերպ ու հետեւողական:

2) Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութիւնը պիտի ներառէ մեր համայնքին բոլոր զաւակները առանց խտրութեան:

3) Լիբանանի հայոց թեմին առաջնորդ սրբազանին նախագահութեամբ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը` մասնակցութեամբ երեք համայնքներու, երեք կուսակցութիւններու ու երեք բարեսիրական միութիւններու, որպէսզի կազմակերպէ վերականգնումի աշխատանքները:

4) Առաջնահերթութեան կարգով յանձնախումբը պիտի ճշդէ հետեւեալ երեք բնագաւառներու առնչուած կարիքներուն մասնակցութեան չափն ու ժամանակը. տուներու ու համայնքային կեդրոններու վերանորոգում, առողջապահական ծրագիրներ եւ կրթական օժանդակութիւն:

5) Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան յատուկ հաշիւ մը բացուած է ժընեւի (Զուիցերիա) մէջ.

Beneficiary: ARMENIAN CATHOLICOSATE OF CILICIA
Bank: Banque pictet & Cie SA, Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Account: M-502039
IBAN: CH61 08755 0502 0390 0300
SWIFT Code: PICTCHGG:

Բոլոր օժանդակութիւնները պէտք է կատարուին այս հասցէին, որպէսզի ստացուած նուիրատուութիւնները Կաթողիկոսարանին ճամբով փոխանցուին Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ գործող վերոյիշեալ յանձնախումբին:

Ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ, եթէ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, ամբողջ մարմինը կը ցաւի(Ա.Կր 12.26): Լիբանանի հայութեան ցաւը ամբողջ հայութեան ցաւն է: Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կոչուած են զօրակից դառնալու Լիբանանի հայութեան, որպէսզի ո՛չ միայն անոր ցաւը փարատի, այլ նաեւ կարենայ վերանորոգ կենսունակութեամբ ու նուիրումով շարունակել իր համազգային առաքելութիւնը:

Այս սպասումով եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները եւ կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդին կեանքը:

Օգոստոս 5, 2020   

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս, Լիբանան

Նախորդը

«Այսօր Հրամայական Է, Որ Համայն Հայութեան Սիրտը Բաբախէ Լիբանանի Հայութեան Համար» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լիբանանի Նախագահ Միշել Աունի Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?