Գաղութային

Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի Աշխատանքներուն

Այցելութիւն` Քարանթինայի Եւ Էշրեֆիէի Շրջանները Եւ Ծանօթացում` Քանդումի Ծաւալներուն Եւ Վերանորոգումի Աշխատանքներուն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ Պէյրութի երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի եւ Մտաուարի հայ թաղապետներուն, երէկ կէսօրին այցելեց Քարանթինայի շրջանի բնակիչներուն եւ ականատես եղաւ արձանագրուած քանդումներուն եւ վերանորոգման աշխատանքներուն: Անցնող օրերուն, թէ՛ շրջանի ընկերները եւ թէ՛ թաղապետները արդէն իսկ անհրաժեշտ անմիջական դասաւորումները կատարած ըլլալով, բնակիչներուն հետ երկրորդ փուլի աշխատանքներուն մասին ծրագրում կատարուեցաւ: Շրջանի պատասխանատուներուն փոխանցուեցաւ, որ հետեւողական կերպով անհրաժեշտ...

Բ.- Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղերու  Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

Բ.- Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Պուրճ Համուտի Հայահոծ Թաղերու Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

«Սարդարապատ» Կոմիտէութեան Շրջան 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին հետեւանքով, Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ» կոմիտէութեան ծիրին մէջ գտնուող թաղամասերը ենթարկուեցան ամէնէն ծանր վնասներուն: Վնասներուն մեծագոյնը արձանագրուեցաւ «Արաքս», «Արմենիա», «Աբրահամ Աշճեան», «Մարաշ» պողոտաներուն եւ շրջանի փողոցներուն մէջ:  «Կիլիկիա» թաղամասը համեմատաբար աւելի թեթեւ վնասներ կրեց: Այս շրջաններուն մէջ արձանագրուած են մօտաւորապէս 125 վիրաւորներ, որոնց մէկ մասը շուկայի անցորդներ եւ խանութպաններ են` տրուած ըլլալով, որ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Բարձր Գնահատանքը Յայտնեց Լիբանանի Ժողովուրդին Եւ Հայ Համայնքին Հայաստանի Հանրապետութեան Կողմէ Կատարուած Օժանդակութեանց Համար

Երէկ` չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անցնող օրերուն յաջորդական երեք օդանաւեր Հայաստանէն Լիբանան հասած օժանդակութեանց համար` Լիբանանի պետութեան ճամբով լիբանանցի ժողովուրդին եւ հայ համայնքին: Երեկոյեան, վեհափառին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Դեսպանը զեկուցում մը տուաւ վեհափառ հայրապետին Հայաստանէն հասած պատուիրակութեան հայ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ընդունի  Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օր

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, կիրակի, 16 օգոստոսը Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնն է: Յիշեալ տօնը նաեւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրն է: Ամէն տարի, շաբաթ գիշեր, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեան, Ս. Աստուածածին վանքի բացօթեայ խորանին վրայ կը մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն կը կատարուի եւ ապա ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր հայրապետական պատգամը...

ՄԱԿ-ի Եւ Ամերիկեան Առողջապահական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  «Գարակէօզեան» Կեդրոն

ՄԱԿ-ի Եւ Ամերիկեան Առողջապահական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց «Գարակէօզեան» Կեդրոն

4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով Լիբանան հասած բուժօգնութեան եւ ընդհանրապէս օժանդակութեան օտար այցելութիւններու ծիրին մէջ, ամերիկեան օժանդակութեան «Եու.Էս.Էյտ»-ի գործադիր տնօրէն Ճոն Պարսա, երեքշաբթի, 11 օգոստոս 2020-ին այցելեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» նախնական դարմանումի կեդրոն, Պուրճ Համուտի մէջ: Ամերիկացի պատասխանատուին կ՛ընկերանային Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա եւ ՄԱԿ-ի Սննդեղէնի համաշխարհային ծրագիրի գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Պիսլեւ: Այս առիթով պատուիրակութիւնը իրազեկ դարձաւ...

Կիպրոսի Առաջնորդարանի Մէջ Հանդիպում՝ Լիբանանին Յատկացուելիք Օժանդակութիւնը Համադրելու

Կիպրոսի Առաջնորդարանի Մէջ Հանդիպում՝ Լիբանանին Յատկացուելիք Օժանդակութիւնը Համադրելու

Այսօր, Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը զրուցելու եւ համադրելու Լիբանանի օժանդակութեան գործընթացը, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի Կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի եւ ՀՕՄի Կիպրոսի Սօսէ մասնաճիւղի ատենապետուհի Լենա Պահատուրեանի միջեւ: ՀՕՄի եւ ՀՅԴաշնակցութեան ներկայացուցիչները, Սրբազան Հօր յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը միասնաբար աշխատելու եւ համադրելու Լիբանանի համար Կիպրոսի մէջ հաւաքուող օժանդակութիւնները, իրենց կազմակերպութիւններու բոլոր անդամներուն հետ: Սրբազան...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Մար Մխայէլի Մէջ Բնակող Հայորդիներու Վնասուած Բնակարանները

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Մար Մխայէլի Մէջ Բնակող Հայորդիներու Վնասուած Բնակարանները

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երեքշաբթի, 11 օգոստոսին այցելեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ամէնէն շատ վնասուած շրջաններէն Մար Մխայէլ` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեանի: Մեծ թիւով հայերու բնակութեան վայր հանդիսացող Մար Մխայէլի մէջ երեսփոխան Բագրատունի նախ վկայեց շրջանին մէջ արձանագրուած նիւթական հսկայական վնասներուն եւ աւերին: Այնուհետեւ Բագրատունի այցելեց նաեւ շրջանին մէջ բնակող հայորդիներու վնասուած բնակարանները:...

Բագրատունի Ընդունեց Կիպրական Պատուիրակութիւն Մը

Բագրատունի Ընդունեց Կիպրական Պատուիրակութիւն Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կիպրոսէն հասած բժշկական-մարդասիրական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան տոքթ. Էլենի Թէոխարուսի: Պատուիրակութիւնը հասած է Լիբանան` բժշկական օժանդակութիւն տրամադրելու աղէտեալներուն: Հանդիպումէն ետք, Թէոխարուս պատրաստակամութիւն յայտնեց դեղորայքի եւ կաթնեղէնի օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչին: Տեղին է յիշել, որ բժիշկ երեսփոխանը 40 անգամ այցելած է Արցախ եւ կը նախագահէ Եւրոպական...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պէյրութի Պայթումէն Վնասուած Հայկական Եկեղեցիները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Պէյրութի Պայթումէն Վնասուած Հայկական Եկեղեցիները

Երեքշաբթի, 11 օգոստոս 2020-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերուն, յաջորդաբար այցելեց Պէյրութի եւ շրջակայից եկեղեցիները` Ս. Նշան, Ս. Յակոբ, Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Ս. Յովհաննու Կարապետ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց, ինչպէս նաեւ Ազգային միացեալ վարժարան: Վեհափառ հայրապետը մօտէն տեղեկացաւ...

Ա. Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Հայահոծ Շրջաններու Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

Ա. Տեղեկագիր` Պէյրութի Նաւահանգիստի Աղէտէն Ետք Հայահոծ Շրջաններու Պարզած Պատկերին Վերաբերեալ

4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին հետեւանքով, մայրաքաղաք Պէյրութի Մար Մխայէլ շրջանին մէջ արձանագրուած է հայ զոհերու մեծագոյն թիւը: Այս թաղամասին մէջ է, որ նաեւ հայ բնակչութեան բնակարանները գրեթէ փլատակ վիճակի մէջ են: Այս բնակարանները կը գտնուին հիմնովին նորոգութեան անհրաժեշտութեան դիմաց: Էշրեֆիէ եւ Խալիլ Պետեւի շրջաններուն մէջ հիմնականին մէջ քանդուած են բնակարաններու պատուհաններն ու դռները, ինչպէս նաեւ ելեկտրական իրեր եւ մաս...

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Լիբանանի համար հանգանակեց 50,000 տոլար

ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը Լիբանանի համար հանգանակեց 50,000 տոլար

4 Օգոստոս 2020ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատհած աւերիչ պայթումէն ետք, տեղւոյն հայութեան օժանդակելու նպատակով, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը՝ իր մասնաճիւղերու անդամներուն եւ նուիրատուներու միջոցաւ հանգանակեց 50,000 տոլար: Հանգանակութեան այս արշաւը տեղի ունեցաւ ընդառաջելով ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան «Շտապ Օգնութիւն Լիբանանի համար» կոչին: Հզօր պայթումին զոհ գացին առաւել քան 150 անմեղ քաղաքացիներ, վիրաւորուեցան հազարաւոր ուրիշներ, տասնեակ հազարաւոր բնակարաններ եւ...

Հայրենի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հայրենի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Այսօր Առաջնահերթ Խնդիրը Լիբանանահայութեան Վերականգնումն Է Երկուշաբթի, 10 օգոստոս առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հայաստան-Լիբանան բարեկամական խումբի ղեկավար Հրաչեայ Յակոբեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմանդրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսանտր Մուշեղեանի, սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար...

Հայաստանէն Եւ Արցախէն Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Հայաստանէն Եւ Արցախէն Մարդասիրական Օժանդակութիւն

Կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, Լիբանանի միջազգային օդակայան հասաւ Հայաստանի կողմէ Լիբանանի պետութեան տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութեան առընթեր` լիբանանահայութեան համար Արցախի ու Հայաստանի պետութեանց կողմէ ղրկուած մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող մասնաւոր օդանաւ մը: Օդակայանին մէջ, օժանդակութիւնը ստանձնեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին ներկայացուցիչները` դեսպանատան երկրորդ քարտուղար Դաւիթ Ալաւէրթեան եւ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ օդակայան...

Շահէ Արք. Փանոսեան Լիբանանահայ Ընկերային Ծառայողներուն Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Շահէ Արք. Փանոսեան Լիբանանահայ Ընկերային Ծառայողներուն Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին հրաւէրով, երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան անդամներու հետ հանդիպում: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Քրիսթին Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը առաւել եւս դժուարութիւնները բարդացուց, սակայն լիբանանահայութիւնը այսօր ալ պիտի վերականգնի եւ յաղթահարէ տագնապները: Ապա խօսք...

Առկախուած Ծրագիրներ

Առկախուած Ծրագիրներ

Մեր այսօրուան թիւը, 12 էջով ամբողջովին յատկացուած պիտի ըլլար Սեւրի դաշնագիրին 100-ամեակին: Լիբանանի մէջ տիրող ծանօթ պատճառները յետաձգեցին մեր այս նախաձեռնութիւնը: Զուգահեռ այսօր կազմակերպուած էր նաեւ առցանց գիտական լսարան, ուր Հայաստանէն եւ սփիւռքէն պատմաբաններ, իրաւագէտներ եւ միջազգայնագէտներ այս առիթով պիտի քննարկէին պատմագիտական շեշտադրումներու, իրաւաքաղաքական առանցքներու եւ աշխարհաքաղաքական մեկնաբանութիւններու ուղղութիւնները: Մեր զոյգ նախաձեռնութիւնները կ’առկախուին, եւ կը յուսանք, որ յառաջիկային կարենանք վերակազմակերպել...

«Լիբանանի Հայութիւն, Մեր Ամբողջ Ազգը Քեզի՛ Հետ Է: Լիբանանի Հայութեան Հզօրացումը Հայաստանի Ու Սփիւռքի Հզօրացումն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Լիբանանի Հայութիւն, Մեր Ամբողջ Ազգը Քեզի՛ Հետ Է: Լիբանանի Հայութեան Հզօրացումը Հայաստանի Ու Սփիւռքի Հզօրացումն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ առաւօտ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը եւ երեք քաղաքական կուսակցութեանց վերին մարմիններու ներկայացուցիչները: Իր հայրապետական պատգամը առ Աստուած ուղղուած գոհաբանական աղօթքով սկսելէ ետք, վեհափառ հայրապետը հետեւեալ երեք հաստատումները կատարեց. Առաջին` ԼԻԲԱՆԱՆԻ...

Կեանքի Կոչուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»-ը

Կեանքի Կոչուեցաւ «Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմին»-ը

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ծանր պայմաններուն, տնտեսական տագնապին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած հետեւանքները քննարկելու ու ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու նպատակով եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին թելադրանքով, կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական համայնքներու պետերուն, ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն...

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը` Լիբանանի Մէջ.  Հանդիպում Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Կիրակի, 9 օգոստոս 2020-ին, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան` գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Պատուիրակութիւնը Լիբանան հասած էր Հայաստանի կողմէ երեք փուլերով Լիբանանին  կատարուելիք օժանդակութեանց առաջին փուլի թռիչքին հետ: Պատուիրակութիւնը վեհափառ հայրապետին...

Լիբանանի Զօրակցութեան Իր Կարճատեւ Այցելութեան Ընթացքին  Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշել Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Լիբանանի Զօրակցութեան Իր Կարճատեւ Այցելութեան Ընթացքին Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշել Այցելեց «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու Լիբանան կատարած զօրակցական այցելութիւններուն ծիրին մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել  շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութեամբ հասաւ Լիբանան եւ անջատ տեսակցութիւններ ունեցաւ երկրի ղեկավարներուն եւ առնչակից ներկայացուցիչներուն հետ: Անոր կ’ընկերանային Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆ եւ Միութեան ներկայացուցչութեան անձնակազմէն անդամներ: Այս ծիրին մէջ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարը այցելեց նաեւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Պուրճ Համուտի կեդրոն,...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը. Աւելի Քան Երբեք Զօրավիգ Կանգնինք Լիբանանահայութեան

Արդէն տնտեսական աննախընթաց տագնապ դիմագրաւող լիբանանահայութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն նման ապրեցաւ երեքշաբթի, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումին աղէտը: Անոր հետեւանքով մինչ օրս համայնքը ունի 13 զոհ, բազմաթիւ վիրաւորներ եւ աննախընթաց նիւթական վնասներ, յատկապէս հայաբնակ Պուրճ Համուտի մէջ: Մինչ պայթումի վայրին մէջ փրկութեան աշխատանքները կը շարունակուին, պէտք չէ բացառել, որ ի շարս այլ քաղաքացիներու, նաեւ աւելնան հայ զոհերը:...

Page 158 of 365 1 … 157 158 159 … 365

Արխիւներ