Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղէ շրջանի բնակիչներուն, որ ամէնէն արագ միջոցին փշրուած ապակիները եւ քարակոյտերը վար իջեցնեն իրենց տուներէն եւ տանիքներէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ձերբազատիլ անոնցմէ:
Այս ծիրին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան աշխատանքային բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ շրջանի միութիւններն ու կամաւորները կը շարունակեն իրենց աշխատանքները` թաղամասերու մաքրութեան, ապակիներու եւ քարակոյտերու վերացման գործը: