Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոչ` Զօրակցելու Լիբանանի Մեր Հայրենակիցներուն

August 8, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 4 օգոստոսին պատահած աղէտալի պայթումին պատճառով յառաջացած մարդկային, ընկերային եւ տնտեսական ճգնաժամին ի տես` Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը (PAC-WUSA) որոշած է անյապաղ ձեռնարկել շտապ օգնութեան աշխատանքներու` յատուկ դրամահաւաք յայտարարելով Լիբանանի տուժած մեր հայրենակիցներուն հասնելու եւ համայնքի կարիքները հոգալու համար:

Բոլոր նուիրատուութիւնները անմիջապէս եւ ուղղակիօրէն պիտի փոխանցուին Արամ Ա. վեհափառին հովանաւորութեամբ կազմուած համայնքային յանձնախումբին, որ բաղկացած է լիբանանահայ համայնքի կրօնական, քաղաքական եւ բարեգործական գլխաւոր կազմակերպութիւններէն` ստացուած գումարները առանց ուշացումի բաշխելու համար:

Օժանդակութիւններ պիտի տրամադրուին հազարաւոր հայրենակիցներու, որոնք սննդամթերքի, ապաստանարանի, բժշկական եւ այլ նպաստներու կարիքը ունին:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին` գօտեպնդուելու եւ միացեալ ճիգերով զօրակցելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն` առատաձեռնօրէն նուիրելով յաջորդ ժամերուն իսկ յայտարարուելիք հանգանակութեան:

Աւելին, կոչ կ՛ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն` յատուկ ուշադրութեամբ եւ զգուշաւորութեամբ ընտրելու նուիրահաւաքային արշաւները, որոնք ընկերային ցանցերու վրայ կը հրամցուին:

Միացեալ կամքով, կազմակերպուած ճիգերով եւ լայն սիրտերով պիտի զօրակցինք լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններ`

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմ
Առաջնորդարան Հայոց ԱՄ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ կաթողիկէ թեմ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջան
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ օգնութեան միութիւն
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն
Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն
«Թէքէեան» մշակութային միութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւն
Միացեալ հայ երիտասարդներ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական համագումար
Հայ իրաւաբանական միութիւն
Պոլսահայ միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութիւն
Լոս Անճելըսի իրաքահայերու ընտանեկան միութիւն
Քեսապի ուսումնասիրաց միութիւն
Ծառայողական աշխատողներու միջազգային միութիւն
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ դեմոկրատներ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Ժողովուրդին Աջակցելու Կոչ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ը` Միշտ Ժողովուրդի Կողքին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.